Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Յունաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը

Մարտ 11, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Յունաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոծիասը:

Ողջունելով հիւրը` Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ հայ-յունական առնչութիւնները հազարամեակներու պատմութիւն ունին, եւ այդ պատմութիւնը լի է բարեկամութեան բազմաթիւ դրսեւորումներով, որուն հիման վրայ` Հայաստանի անկախացումէն ի վեր անցած 25 տարիներուն երկու պետութիւնները ձեւաւորած են սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ:

Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանի ցանկութիւնն է` աւելի խորացնել ու ընդլայնել առկայ փոխադարձ գործակցութիւնը Յունաստանի հետ, աշխուժացնել քաղաքական երկխօսութիւնը, նոր թափ հաղորդել տնտեսական յարաբերութիւններուն` զանոնք հասցնելով քաղաքական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի:

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Քոծիաս նշած է, որ այդ հարցով բոլորովին համաձայն է նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ եւ կը կարծէ, որ բարեկամական այդ խոր զգացումները, որոնք հայ եւ յոյն ժողովուրդները իրարու նկատմամբ կը տածեն, անհրաժեշտ է ամրապնդել բոլոր մարզերուն մէջ համագործակցութիւն զարգացնելով: Ան վստահեցուցած է, որ Յունաստանը ունի ատիկա իրականացնելու քաղաքական կամքը, որուն համար կայ է նաեւ իրաւական հիմք` ստորագրուած աւելի քան երեք տասնեակ համաձայնագիրներ:

Զրուցակիցները երկուստեք կարեւոր նկատած են կրթութեան, ներառեալ զինուորական կրթութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան, փոխադրութեան, զբօսաշրջութեան եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ  համագործակցութիւնը շարունակելու եւ ամրապնդելու ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքի իրականացումը:

Նախարար Նիքոս Քոծիաս ընդգծած է, որ առկայ են բոլոր կարելիութիւնները Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններ եւ գործընկերութիւն հաստատելու համար:

Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Հարցով Ներկայիս Բանակցութիւններ Չեն Ընթանար»

Կ՛ըսէ Էդուարդ Նալբանդեան

 

Երէկ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոծիասի հետ հանդիպում ունենալէ ետք միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տուած է: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞ր փուլին մէջ են ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւնները, նախարար Նալբանդեան նշած է. «Ներկայիս բանակցութիւններ չեն ընթանար, որովհետեւ ապրիլեան նախայարձակումով Ազրպէյճան շատ լուրջ հարուած հասցուց Արցախին»:

Նալբանդեանին համաձայն, բանակցային հոլովոյթը ետ մղուեցաւ Ազրպէյճանին մեղքով: Եւ հակառակ անոր, Մինսքի խմբակի համանախագահները տակաւին կը շարունակեն ջանքեր գործադրել Ազրպէյճանը կառուցողական դաշտ տեղափոխելու համար:

«Համանախագահները այցելած են Պաքու, իսկ այս ամսուան վերջը` 27 մարտին պիտի գան Հայաստան, այնուհետեւ պիտի մեկնին Արցախ: Մենք պէտք է փորձենք այս հոլովոյթը առաջ շարժել, բայց նախ եւ առաջ պէտք է բացառենք անցեալ տարուան ապրիլին տեղի ունեցած գործողութիւններուն հաւանականութիւնը», նշեց Էդուարդ Նալբանդեան:

«Առկայ Խնդիրները Զինուորական Լուծում Չունին»

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Յարգելի՛ ներկաներ,

Ուրախ եմ ողջունելու գործընկերս, լաւ բարեկամս` Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոծիասը Հայաստանի մէջ: Ասիկա շատ լաւ առիթ է մեր աշխուժ երկխօսութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ քննարկելու երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ապագայ ամրապնդման ուղիներն ու քայլերը:

Նախ` դռնփակ հանդիպումի ձեւաչափով, ապա` պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ, մենք քննարկեցինք երկկողմանի եւ բազմակողմանի օրակարգի հարցերուն լայն շրջանակ:

Կարեւոր նկատեցինք բարձր մակարդակի կանոնաւոր փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք ամէն անգամ նորովի կը հարստացնեն երկկողմանի օրակարգը եւ նոր լիցք կը հաղորդեն տարբեր ձեւաչափերու մէջ սերտ համագործակցութեան:

Ես եւ գործընկերս, միեւնոյն ժամանակ, համակարծիք ենք, որ երկու պետութիւններուն փոխադարձ գործակցութեան ներկայ մակարդակը կը զիջի մեր ժողովուրդներուն միջեւ դարերէն եկող ջերմ բարեկամական կապերուն, աւանդական փոխադարձ խոր համակրանքին: Եւ պայմանաւորուեցանք լրացուցիչ ջանքեր գործադրել բոլոր մարզերուն մէջ` նոր խթան հաղորդելու յարաբերութիւններուն առաւել ամրապնդման եւ ընդլայնման:

Անդրադարձ կատարեցինք քաղաքական, առեւտրատնտեսական, ռազական-թեքնիք, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ մարզերու մէջ փոխգործակցութեան յաւելեալ խորացման ուղիներուն:

Գործընկերոջս հետ քննարկեցինք Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց զարգացման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը:

Քիչ առաջ նաեւ դիւանագիտական քատրերու ուսուցման եւ վերապատրաստման մարզին մէջ համագործակցութեան մասին փոխադարձ ըմբռնումի յուշագիր ստորագրեցինք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ: Ասիկա մեր համագործակցութեան նոր մարզն է:

Քոծիասի հետ քննարկեցինք նաեւ շրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներ: Անդրադարձանք Կիպրոսի խնդիրին: Նախարար Քոծիաս ներկայացուց անոր վերջին զարգացումները:

Ես ներկայացուցի ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը` ուղղուած հիմնախնդիրի հանգուցալուծման առաջ մղումին:

Երկուստեք շեշտեցինք, որ առկայ խնդիրները չունին զինուորական լուծում եւ պէտք է լուծուին համաձայնուած ձեւաչափերու ծիրին մէջ»:

Նախորդը

«Մենք Չենք Փոխուած Ե՛ւ Ընդդիմութիւն, Ե՛ւ Իշխանութիւն Եղած Ժամանակ» Կը Նշէ Կիրօ Մանոյեան

Յաջորդը

Անդրադարձ. Գիտակցիլ Պահու Լրջութեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Սեպտեմբեր 23, 2023
Արցախի Հարցով ՄԱԿ-ի  Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ

Սեպտեմբեր 23, 2023
Եւլախի Մէջ Արցախի Եւ Ազրպէյճանի  Ներկայացուցիչներու Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Եւլախի Մէջ Արցախի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Սեպտեմբեր 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In