Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու. «Պապէն Ետք Մեր Թիրախը Մընպեժն Է». «Չենք Կրնար Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Մասնակցութեամբ Զինուորական Գործողութեան Մը Մասնակցիլ» Ըսաւ Քալըն

March 10, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն երէկ յայտարարեց. «Ռաքքայի գործողութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ տեսակէտները յստակ են, եւ զանոնք ներկայացուցած ենք Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի նստաշրջանին ընթացքին: Մենք չենք կրնար մասնակցիլ զինուորական գործողութեան մը, որուն կը մասնակցին ահաբեկչական խմբաւորումներ»:

«Մեր նախապայմանը տակաւին ի զօրու է, եւ մենք միայն մեր շահերուն մասին չենք մտածեր, այլ բոլորին շահերուն մասին, եւ կը գիտակցինք, որ Թուրքիոյ դէմ գոյութիւն ունի սուտի վրայ հիմնուած արշաւ մը, ըստ որուն Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն դէմ քայլերու ձեռնարկած ենք», նշեց ան:

«Մենք պատրաստ ենք Սուրիան ահաբեկչական խմբաւորումներէն ձերբազատելու համար Միջազգային դաշինքին հետ գործակցելու, սակայն այդ դաշինքին ահաբեկչական որեւէ կազմակերպութեան չմասնակցելուն վերաբերեալ մեր նախապայմանը կը մնայ ի զօրու», ըսաւ Քալըն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Սուրիական Պապ քաղաքէն ետք մեր թիրախը Մընպեժ քաղաքն է, եւ մենք նախապէս յայտնեցինք, որ պիտի հարուածենք (քրտական, «Ա.») Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները, եթէ այդտեղ հասնելէ ետք այդ ջոկատներուն զինեալները այդտեղ գտնենք»:

«Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ ահաբեկչական խմբաւորումը կ՛ուզէ Ռաքքա երթալ` իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքը եւ ազդեցութիւնը ընդլայնելու համար: Անոր նպատակը քաղաքը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումէն ձերբազատելը չէ», շեշտեց ան:

«Շրջանը Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ ահաբեկչական խմբաւորումէն ձերբազատելը մեզի համար շատ կարեւոր հարց է, եւ այդ խմբաւորումին պիտի չարտօնենք շրջանին մէջ քանթոններ ստեղծելու երազները իրականացնել», ըսաւ Չաւուշօղլու:

Քրտական Ղեկավարութեամբ Ուժերը Կը Բացառեն
Ռաքքայի Գործողութեան Մէջ Թրքական Որեւէ Դերակատարութիւն

Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը վայելող, քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր դաշինքի բանբեր Թալալ Սիլօ յայտարարեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներուն յայտնած է, որ Թուրքիան չի կրնար Ռաքքայի ազատագրման գործողութեան մէջ որեւէ դերակատարութիւն ունենալ:

«Թրքական կողմը բռնագրաւող կողմ մըն է. անոր կարելի չէ սուրիական յաւելեալ հողեր գրաւել արտօնել», ըսաւ ան` նշելով, որ դաշինքը այդ պատգամը փոխանցած է ամերիկացի ծերակուտական Ճոն ՄքՔէյնի եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական պատասխանատուներու միջեւ անցեալ ամիս տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Սիլօ նշեց, որ քրտական ղեկավարութեամբ ուժերը այս շաբաթ քաղաքի գլխաւոր ճամբան փակելէն ետք, քանի մը շաբաթէն պիտի հասնին քաղաքի դարպասներուն: «Կը նախատեսենք, որ քանի մը շաբաթէն քաղաքը պաշարուած ըլլայ», ըսաւ ան:

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի բանբեր Ճոն Տորիըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ հրետանիի զօրաբաժին մը ուղարկած են Սուրիա` նշելով, որ անցնող օրերուն շուրջ 400 ամերիկացի զինուորներ ուղարկուած են Սուրիա:

«Սուրիա գտնուող ամերիկեան ուժերը պիտի շարունակեն տեղացի գործընկերներու հետ աշխատանքը, սակայն առաջին գիծի վրայ պիտի չկռուին», յայտարարեց Տորիըն:

 

 

 

 

Նախորդը

Մերքել Խօսած Է Թուրք-Գերմանական Յարաբերութիւններուն Մասին

Յաջորդը

22 Մարտին` Ուաշինկթընի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Քննարկման Խորհրդաժողով. Սուրիոյ Հարցով Ասթանայի Յառաջիկայ Ժողովը` 14-15 Մարտին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.