
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, թէ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած է, որ թէեւ Գերմանիան ու Թուրքիան ունին բազմակողմանի եւ թուրք-եւրոպական հասարակաց շահեր ու հետաքրքրութիւններ, սակայն այդ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունին նաեւ որոշակի տարակարծութիւններ, որոնք վերջին շրջանին շատ աւելի ի յայտ կու գան:
«Մէկ կողմէ գոյութիւն ունին համապարփակ, թուրք-եւրոպական հասարակաց շահեր, միւս կողմէ ալ կան խոր տարակարծութիւններ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ, Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, մենք ատիկա վերջին շրջանին առաւել ուժեղ կերպով կը զգանք», ըսած է Մերքել:
Մինչ այդ, թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ինքզինք արդարացնելով յայտարարած է. «Ես չեմ ըսած, որ Գերմանիան նացիական երկիր է: Ես ըսի, որ կիրարկուող մեթոտները նացիական ժամանակաշրջանի մեթոտներուն նման են»:
Միւս կողմէ, թրքական «Տիքեն» կայքը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ Պունտեսթակի անդամ երեսփոխաններ արշաւ սկսած են` Թուրքիայէն պահանջելով ազատ արձակել գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթի ձերբակալուած թղթակից Տենիզ Եուճելը:
Գերմանացի երեսփոխանները Պունտեսթակի նիստին ընթացքին հագած են լրագրողի պատկերով շապիկներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Ազա՛տ արձակեցէք Տենիզը»:


