Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Տեղի Ունեցած Են Հայ-Ֆրանսական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

Մարտ 9, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ  Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հանդիպումը, որուն աւարտին ստորագրուած են շարք մը մարզերու մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան զարգացման ու խորացման ուղղուած փաստաթուղթեր: Մասնաւորապէս ստորագրուած են` Ֆրանսայի կառավարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ համաձայնագիր` Հայաստանի մէջ ֆրանսական համալսարանի մասին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ միջազգային զարգացման նախարարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան միջեւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ մտադրութիւններու յայտարարութիւն, համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագիր Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Հայաստանի մէջ ֆրանսական համալսարանի, Թուլուզ Միթի-Փիրենէյ դաշնակցային համալսարանի, Գիտական հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնի, Թուլուզի ազգային բազմարուեստից հիմնարկին, Թուլուզ 3-Փոլ Սապաթիէի համալսարանի, Թուլուզ 1 – Քափիթոլ համալսարանի, Թուլուզի Ժան Ժորես համալսարանի միջեւ:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները բանակցութիւններու  արդիւնքները ամփոփած են լրատուամիջոցներուն միացեալ  յայտարարութիւններ տալով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Փարիզի Մէջ Պիտի Հիմնուի
«
Հայաստանի Տուն», Իսկ Երեւանի Մէջ` «Ֆրանսայի Տուն»

Ֆրանսա այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթ ունեցած է Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած  ընդունելութեան ընթացքին:

Ելոյթին մէջ նախագահ Սարգսեան Փարիզի քաղաքապետին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ըսած է, թէ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու օրակարգին մէջ իր ծաւալուն տեղը կը զբաղեցնէ  ապակեդրոնացեալ համագործակցութիւնը, յատկապէս` Փարիզի հետ: Բարձր գնահատելով Փարիզի քաղաքապետին զանազան առիթներով Երեւան այցելութիւնը, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն եւ Երեւան քաղաքի 2798-ամեակի տօնակատարութիւններուն:

Նախագահ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Փարիզ-Երեւան կապը աւելիով կ՛ամրապնդուի, եւ ընթացքի մէջ գտնուող ծրագիրները նոյնպէս յաջող աւարտ կ՛ունենան: Այդ ծրագիրներու ծիրին մէջ, Փարիզի մէջ պիտի  հիմնուի «Հայաստանի տուն», իսկ Երեւանի մէջ` «Ֆրանսայի տուն», ինչ որ կը նպաստէ, որ հայերն ու ֆրանսացիները մէկզմէկու   մայրաքաղաքին մէջ իրենք զիրենք զգան իրենց տան մէջ:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Առանձնայատուկ Երախտագիտութեամբ Շնորհաւորում Եմ Զինուորների Մայրերին»

Յաջորդը

Խմբագրական. Երկրորդ Եւ Անփոխարինելի Ծնողքը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?