Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութեան Սկսած Է Ֆրանսա

Մարտ 8, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Ֆրանսա:

Այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի, Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնի, եւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի: Հայ-ֆրանսական բարձր մակարդակի բանակցութիւններէն պիտի ստորագրուին երկկողմանի յարաբերութիւններու  ամրապնդման ու փոխադարձ գործակցութեան խորացման ուղղուած շարք մը  փաստաթուղթեր: Փարիզի մէջ նախատեսուած են հանրապետութեան նախագահի հանդիպումները Ֆրանսայի գործարար շրջանակներու, Եւրոպայի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ:

Նախագահ Սարգսեան պիտի այցելէ նաեւ Լիոն, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Լիոնի քաղաքապետ Ժերար Քոլոմպին հետ:

«Հայայսանը Երբեք Չէ Դադրած Ջանքեր Գործադրել` Խրախուսելու
Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան
Արժէքներու Եւ Ֆրանսերէնի Տարածումը

Ֆրանսա այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ  Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանին հետ:

Նախագահը ընդգծած է, որ այս հանդիպումը նախ եւ առաջ լաւ առիթ է` ամփոփելու նախորդ տարիներու ձեռքբերումները եւ ուղենշելու հետագայ ընելիքները` նկատի առնելով, որ յաջորդ տարի կը լրանայ  Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի անդամակցութեան տասնամեակը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան ընթացքին Հայաստանը երբեք չէ դադրած ջանքեր գործադրել` խրախուսելու կազմակերպութեան արժէքներու եւ ֆրանսերէնի տարածումը: Նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան աջակցութեամբ է, որ Հայաստանի մէջ արդէն կը գործէ ֆրանսերէնով կրթական ծրագիրը` մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու ընտանիքին վերաբերող արդի խնդիրներուն, զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են կազմակերպութեան անդամ եւ դիտորդ հանդիսացող երկիրներու մէջ  իրականացուող խաղաղապահ առաքելութիւններուն Հայաստանի մասնակցութեան շուրջ: Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն  յայտնած է ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ կազմակերպութեան եւ անձամբ Միքայէլ Ժանի հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար:

 

 

 

Նախորդը

Դաւիթ Տօնոյեան Ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Նախագահի Անձնական Ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը

Յաջորդը

«ՀՅԴ-ն Արցախի Անկախութեան Ճանաչումը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Ռազմավարական Քայլ` Համահայկական Միաւորման Ուղիին Վրայ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?