Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՄԱՐ ՔԱՐԱՄԷ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՈՒԱՏ ՍԻՆԻՈՐԱՆ

October 14, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ ինք սովորութիւն դարձուցած է նախկին վարչապետ Քարամէի այցելութիւններ տալ լուսարձակի տակ առնելով անոնց կարեւորութիւնը, յատկապէս անոնց ընթացքին տեղի ունեցող շինիչ խորհրդակցութիւնները:

Սինիորա նկատել տուաւ, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը Լիբանանի ուսերուն դրուած նիւթական պարտաւորութիւն մըն է, որ պէտք է կատարուի: Ան աւելցուց, որ այս մասին ինչ ալ ըսուի, կացութիւնը կարելի պիտի չըլլայ փոփոխութեան ենթարկել:

Սինիորա յայտնեց, որ ազատ, անկախ, գերիշխան եւ ժողովրդավար Լիբանանի մը հանդէպ նուիրումը կրնայ լիբանանցիները փրկել մեծ վտանգներէ:

Անդրադառնալով Տար Ֆաթուայի իրավիճակին` Սինիորա նշեց, թէ ինք համաձայն գտնուած է Քարամէի հետ, որ անհրաժեշտ է Տար Ֆաթուայի մէջ շարք մը բարեկարգումներ գործադրել:

Իր կարգին, Քարամէ դրուատեց Սինիորայի հետ իր հանդիպումը` նկատել տալով, որ որոշ հարցերու շուրջ համաձայնած են, իսկ այլ հարցերու շուրջ տարակարծիք գտնուած:

Քարամէ յայտնեց, որ իրենք քննարկած են նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին եւ անոր ֆինանսաւորման հարցը` աւելցնելով, որ Լիբանանի գերագոյն շահերը կը կազմեն հիմնական նպատակը: «Ինչ որ ես լսեցի լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ իմ ունեցած հանդիպումներուս ընթացքին, այն էր, թէ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ խորհրդարանին մէջ պիտի ձախողին, եւ այդ պատճառով ալ կը հաստատեմ, որ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումը պիտի չվաւերացուի: Հետեւաբար չեմ գիտեր, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ինչպէ՞ս պիտի կարենայ գործադրել իր խոստումները», հարց տուաւ Քարամէ:

Անդրադառնալով աշխատավարձերու յաւելումին` Քարամէ նկատել տուաւ, թէ ինք իմացած է, որ այդ որոշումը պետական գանձարկղին համար 600 միլիոն տոլարի գումար կ՛ենթադրէ: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը լուրջ հարցերու դէմ յանդիման կը գտնուի այս առումով:

 

 

Նախորդը

ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

Յաջորդը

«ԱՅՍ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶՄԷ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։