Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլանտայի Մէջ Կը Պահանջեն Դատապարտել Հակահայ Արտայայտութիւններ Ունեցած Թուրքը

Մարտ 6, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ 3 մարտին տեղի ունեցած է Լա Հէյի թուրք-ազրպէյճանական մշակութային միութեան նախագահ Իլհամ Աշքինի դատավարութիւնը:

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու համադաշնակցութենէն յայտնած են, որ Աշքին կը մեղադրուի հայերուն դէմ բռնութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու մէջ, քանի որ ան Ալմելօ քաղաքին մէջ` Մեծ եղեռնի յուշահամալիրին դիմաց կազմակերպուած թրքական հանրահաւաքին ընթացքին ըսած է. «Ղարաբաղը պիտի ըլլայ հայերուն գերեզմանը»:

1 յունիս 2014-ին, Ալմելոյի մէջ տեղի ունեցած էր հանրահաւաք, որուն հիմնականին մէջ մասնակցած են թուրքեր, եւ որ ուղղուած էր Ալմելոյի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հողատարածքին վրայ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին դէմ: Հոլանտահայ կազմակերպութիւնները, մասնաւորապէս Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու համադաշնակցութիւնը եւ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը, գանգատ ներկայացուցած էին հանրահաւաքին ընթացքին կատարուած հակահայ յայտարարութիւններուն դէմ:

Երկու ժամ տեւած դատական նիստին ներկայ էին բազմաթիւ հայեր եւ թուրքեր, ինչպէս նաեւ հոլանտական, հայկական եւ թրքական լրատուամիջոցներու թղթակիցներ: Դատավարութեան ընթացքին ցուցադրուած է ցոյցին տեսահոլովակը, ուր Իլհամ Աշքին քանի մը անգամ կը յայտարարէ. «Ղարաբաղը պիտի ըլլայ հայերուն գերեզմանը», իսկ հաւաքուածները կը կրկնէին այդ արտայայտութիւնը:

Աշքին դատարան ներկայացած է իր փաստաբանին` Պալասանի հետ եւ պատասխանած է դատաւորին ու դատախազին հարցումներուն: Ան յայտարարած է, որ ոչ մէկ յանցանք գործած է, քանի որ իր արտայայտութիւնը կը վերաբերէր շրջանի մը, ուր ներկայիս կացութիւնը այնպէս է, որ կրնայ ըլլալ պատերազմ բռնկի, եւ արիւնահեղութիւն ըլլայ: Ան համոզուած է, որ որեւէ սխալ չէ գործած: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կը զղջա՞յ իր կատարած արարքին համար եւ կը փափաքի՞ ափսոսանք յայտնել, ան հաստատած  է, որ իր տեսակէտը չէ փոխուած:

Դատախազը մանրամասնօրէն ներկայացուցած է դատին քննութեան ընթացքը եւ դատախազութեան պահանջներուն հիմնաւորումները: Ան պահանջած է մեղադրեալը պատժել 80 ժամ պարտադիր աշխատանքով եւ երկու շաբաթ պայմանական ազատազրկումով` երկու տարի փորձառական ժամկէտի պայմանով: Ասիկա պիտի ըլլայ խիստ ազդանշան մը` անոր ուղղուած: Դատախազութեան պահանջը նկատի կ՛առնէ նաեւ այն փաստը, որ Աշքին տեղի ունեցածին նկատմամբ չէ ցուցաբերած «խոր ըմբռնում, եւ  գոյութիւն ունի յանցանքը կրկնելու վտանգ»:

Դատավճիռը պիտի հրապարակուի 17 մարտ 2017-ին:

 

Նախորդը

Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Յայտարարեց Քաջալերական Յատուկ Սակերով Փաթեթ Մը. «Այս Նախաձեռնութիւնը Կը Միտի Զբօսաշրջիկը Քաջալերել` Լիբանան Այցելելու» Ընդգծեց Ա. Կիտանեան

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Վարչակազմին Եւ Քոնկրեսի Անդամներուն Հետ Կը Քննէ Քաղաքական Առաջնահերթութիւններ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?