Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը շաբաթավերջին յայտարարեց Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան քաջալերական յատուկ սակերով փաթեթ մը, որ կ՛ընդգրկէ ճամբորդական տոմսին, կեցութեան (3 գիշեր 4 օր, առաւօտեան նախաճաշը ներառեալ), ինչպէս նաեւ օդակայանէն պանդոկ եւ պանդոկէն օդակայան փոխադրութեան ծախսերը` առանց յաւելեալ տուրքերու:
Այդ փաթեթը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ երկիրները. Եգիպտոս, Քուէյթ, Յորդանան, Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Իրաք (Պասրա), Քաթար եւ Հայաստան:
Ըստ նախարարութեան, Եգիպտոսի եւ Քուէյթի վերաբերող զբօսաշրջական փաթեթը կը սկսի 330 տոլարէն, Յորդանանի պարագային` 354 տոլար, Սէուտական Արաբիոյ պարագային` 451 տոլար, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պարագային` 477 տոլար, Պասրա – Իրաքի պարագային` 462 տոլար, Քաթարի պարագային` 529 տոլար, իսկ Հայաստանի պարագային` 471 տոլար:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ճամբորդութեան յատուկ սակերու այս փաթեթին շուկայադրումի արշաւը պիտի սկսի այս շաբթուան ընթացքին, հիմնականին մէջ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու միջոցով եւ յատկապէս տեղադրուելով տուեալ երկիրներու էջերուն վրայ:
Փաթեթը պիտի ընդգրկէ նաեւ մանրամասնութիւններ` թռիչքներուն, պանդոկներուն, կեցութեան օրերուն եւ այլ հարցերու մասին:
Զբօսաշրջութեան քաջալերական այս փաթեթներէն կարելի է օգտուիլ մինչեւ 31 մայիս 2017:
Միւս կողմէ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան յայտնեց, որ վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը կը միտի զբօսաշրջիկը քաջալերել այցելելու Լիբանան, որ զբօսաշրջական բոլոր չափանիշներն ու յատկութիւնները կը լրացնէ:
Ա. Կիտանեան մաղթեց, որ զբօսաշրջական յատուկ փաթեթը ըլլայ նախաքայլը երկրին զբօսաշրջութեան մարզը վերաշխուժացնելու, ինչպէս նաեւ վերջ տայ ներկայիս տիրող այն համոզումին, թէ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութիւնը սուղ է` աւելցնելով, որ լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը այս դրութեամբ ընդունելի գիներու սահմանին մէջ կը տարուբերի:
«Կասկած կամ բողոք ունեցող իւրաքանչիւր անհատ կրնայ կապուիլ նախարարութեան հաստատած 1735 թէժ թիւին, որպէսզի նախարարութիւնը իր կարգին կարենայ օգտակար դառնալ այդ սխալը սրբագրելու իմաստով եւ օժանդակել Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկին», ըսաւ ան:
Այս առիթով, նախարար Կիտանեան զբօսաշրջութեան մարզէն պահանջեց զօրակցիլ այս ծրագիրին եւ ճաշարաններուն, սրճարաններուն թէ զբօսավայրերուն մէջ զբօսաշրջիկին ներկայացնել մատչելի գիներ: Ան կոչ ուղղեց նաեւ տեղեկատուական հաստատութիւններուն այս հանգրուանին զգուշութեամբ գործելու եւ լուսարձակի տակ առնելու այն, ինչ որ դրական է եւ կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն, որպէսզի Լիբանանի նկատմամբ արտերկրի լիբանանցիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն վստահութիւնը վերահաստատուի:
Նշենք, որ զբօսաշրջական այս յատուկ փաթեթը կարելի եղաւ գոյացնել զբօսաշրջութեան նախարարութեան, «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան, ինչպէս նաեւ պանդոկներու եւ ճամբորդական գրասենեակներու սեփականատէրերու սենտիքաներուն միջեւ գործակցութեամբ:
Կիտանեան. «Ռուսիա Այցելութիւնս Կը Միտի Վերահաստատել
Զբօսաշրջական Մարզին Մէջ Երկկողմանի Յարաբերութիւնը»
Միւս կողմէ, «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ կայ միացեալ բարեկամ մը, որ նախաձեռնած է իր եւ Ռուսիոյ զբօսաշրջութեան նախարարին, ինչպէս նաեւ ռուսական զբօսաշրջութեան մարզի պատասխանատուներուն հետ հանդիպումներու շարքի մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ ռուս զբօսաշրջիկին ուշադրութիւնը Լիբանան հրաւիրել:
Կիտանեան նշեց, որ ապրիլի կիսուն ինք պիտի այցելէ Մոսկուա` լիբանանեան-ռուսական զբօսաշրջութեան մարզի գործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով:
Ան յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունին մուտքի արտօնագիրի եւ այլ հարցեր, որոնք պիտի քննարկուին եւ որոնց լուծումներ պիտի ճշդուին Մոսկուայէն վերադարձէն անմիջապէս ետք: «Մեզի համար կարեւոր է զբօսաշրջութեան մարզին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել եւ վերադարձնել իրենց նախկին իրավիճակին», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին մէջ տիրող իրավիճակին` Ա. Կիտանեան նշեց, որ երկիրը դուրս եկած է երեք տարուան տագնապէ մը, «սակայն այսօր գոյութիւն ունին երկրին զբօսաշրջութիւնը իր բնականոն վիճակին վերադարձնելու բոլոր տուեալները», աւելցուց ան:
Ան կոչ ուղղեց Լիբանանին վերադարձնելու իր հիւրասէր եւ փայլուն դիմագիծը` հաստատելով, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը պիտի գործակցի բոլոր մարզերուն հետ, որպէսզի Լիբանանը արժանաւոր կերպով ստանձնէ Արեւելքի փարոսի իր կոչումը:
Հարցազրոյցին ընթացքին նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ զբօսաշրջութեան յատուկ փաթեթին եւ անոր մանրամասնութիւններուն` հաստատելով, որ նախարարութիւնը կը ջանայ գրաւել արաբական եւ արեւմտեան երկիրներուն ուշադրութիւնը:
Արաբական եւ Ծոցի երկիրներուն զբօսաշրջիկները Լիբանան վերադարձնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան վերահաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի երկիրներ կատարած այցելութեան ընթացքին արաբ զբօսաշրջիկները Լիբանան վերադարձնելու առումով խոստումներ տրուած են:
«Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը նախագահ Աունին խոստացած է, որ ամրան Լիբանանի մէջ լիբանանցիներէն աւելի Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկներ պիտի ըլլան: Իսկ այս խոստումը գետնի վրայ թարգմանուած է Սէուտական Արաբիայէն եւ այլ երկիրներէ դէպի Լիբանան կատարուող թռիչքներու թիւին յաւելումով», ըսաւ ան:
Նախարար Կիտանեան եզրափակեց ըսելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ անոր խորհրդատուները ուղղակիօրէն կը գործակցին Ծոցի երկիրներու դեսպաններուն հետ` հարթել կարենալու համար արաբ զբօսաշրջիկներուն վերաբերող բոլոր դժուարութիւնները եւ փարատելու համար Լիբանան այցելութեան իմաստով անոնց երկմտանքը: