Վրաստանի մէջ ներգաղթեալներու տեղակայման գաղափարը կը սպառնայ Ռուսիոյ անվտանգութեան` հաշուի առնելով միջազգային ահաբեկչութեան վտանգները:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Ֆրանց Քլինցեւիչ:
Նախապէս Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց առաջարկած էր գաղթականներու ընդունման համար Եւրոպական Միութեան կեդրոններ ստեղծել միութեան սահմաններէն դուրս, օրինակ` Վրաստանի կամ արեւմտեան Պալքաններու մէջ:
Քլինցեւիչ կը նշէ, որ այդ յայտարարութեամբ տակաւին կը փորձեն ստուգել Վրաստանի արձագանգը, սակայն հետագային կրնան յաջորդել յստակ առաջարկներ:
Ան յիշեցուցած է, որ վերջերս Վրաստան ստացած է Եւրոպական Միութեան հետ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն, իսկ «ձրի պանիր, ինչպէս յայտնի է, միայն թակարդին մէջ կ’ըլլայ»:
«Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցի առաջարկը ուղղակիօրէն կը վերաբերի Վրաստանի հետ անմիջական սահման ունեցող Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան շահերուն` նախ եւ առաջ այն վտանգներուն առումով, որոնք կը ներկայացնէ միջազգային ահաբեկչութիւնը», ընդգծած է ան: