Արցախեան ազատագրական պայքարի 29-ամեակին առիթով` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 3 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Ս. Խանամիրեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ տօնակատարութիւն:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Լիւսի Գրճըլեան ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ արցախեան ազատագրական պայքարը, որ բոլորած է իր 29-րդ ամեակը, ապացուցեց հայ ազգը պահանջատիրութեան կամքը, զոհաբերութեան ոգին եւ հայրենիքը անմնացորդ պահպանելու պատրաստակամութիւնը` կառչած մնալու Արցախի հողին եւ իր արդար իրաւունքներուն: Ան նկատել տուաւ, որ արցախեան պայքարին ի խնդիր հայ ազգը ճիգ չխնայեց ազատագրելու բռնագրաւուած հողերը, գիւղերն ու քաղաքները. հայ երիտասարդը աշխարհի բոլոր փառքերը լքած ուղղուեցաւ Արցախ` դիմագրաւելով բոլոր դժուար պայմանները եւ հաւասարապէս պայքարելով արցախցիին հետ: Գրճըլեան հաստատեց, որ 2016-ի քառօրեայ պատերազմը անգամ մը եւս մեզի պարտադրեց սթափիլ եւ վերահաստատել մեր գերագոյն նպատակները` պաշտպանելու եւ տէր կանգնելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակին ու ժողովուրդին, նիւթական եւ բարոյական բոլոր կարելի միջոցներով:
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան: Ան պատմական ընդհանուր ակնարկ մը նետեց արցախեան շարժման տարիներուն, մղուած պատերազմին, ազատագրուած գիւղերուն, հայկական ուժերու արձանագրած փառաւոր յաղթանակին` հայու դարաւոր պայքարի ճամբուն վրայ, ինչպէս նաեւ Արցախի ազատագրման: «Արցախի եւ Հայաստանի զոյգ հանրապետութիւններուն համար հիմը կը դրուէր նոր փուլի: Ազատագրուած էր հայրենիքի մէկ կարեւոր մասը, սակայն ազգային բարձրարժէք այս նուաճումը ապահով պէտք էր պահել եւ աւելի՛ն, պէտք էր անցնիլ պետականաշինութեան նոյնքան կենսական ու նուիրական գործին» շեշտեց Աշգարեան` աւելցնելով, որ ասիկա Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան նոր շունչ ստացած երթին սկիզբն էր, եւ այսպէս տարիներ պիտի անցնէին յաճախ բարձր յոյսերով, բայց երբեմն ալ նահանջներով, սակայն միշտ հաւատալով ու համոզուած ըլլալով, որ հայրենակերտման սրբազան գործը պէտք է նկատել հատուածական կամ քաղաքական մեր բոլոր շահերէն գերադաս առաջնահերթութիւն` մեկնելով այն անսակարկելի իրողութենէն, որ Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութիւնը մեր փրկութեան միակ լաստն է, ի մտի ունենալով այն դառն իրականութիւնը, որ թուրք-ազրպէյճանցին կը ձգտի իրականացնել դարերու արիւնոտ սպանդներով եւ կեղեքումներով շաղախուած ծրագիր, եւ պէտք չէր մտահան ընել, որ ան կը մոռնայ Արցախի մէջ կրած իր պարտութիւնը, որուն խորքային թարգմանութիւնը կը նկատուի մեծ ձախողութիւն իր երազած ծրագիրի իրագործման ճամբուն վրայ: Փաստ` իր կրած պարտութենէն 22 տարի ետք 2016 ապրիլին Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շղթայազերծուած լայնածաւալ պատերազմը եւ մինչեւ օրս շարունակուող յարձակումները:
«Անվտանգ հայրենիք ունենալու եւ պահելու հրամայականը այսօր աւելի քան երբեք առաջնահերթ օրակարգ է: Հայրենիքի մէջ թէ անկէ դուրս պետականաշինութեան գործը պիտի տանինք միասնաբար եւ անաղմուկ գործելաոճով, հեռու` արկածախնդրական ցնցումներէ եւ միշտ իրապաշտօրէն, նկատի ունենալով հոն ուրուագծուող ծովածաւալ պէտքերը ազգային, պետական թէ քաղաքացիական կենսական բոլոր մարզերը ներառած», ըսաւ բանախօսը` հաստատելով, որ չկայ աւելի վսեմ զգացում, քան անհատապէս կամ հաւաքական մղումով հայկական ճակատագիրին մասնակից ըլլալը: «ՀՅԴ-ի համար չկայ աւելի վսեմ ու հարազատ գործելաոճ, քան նշուածը», շեշտեց Աշգարեան` աւելցնելով, որ այսօր կուսակցութիւնը տակաւին կը շարունակէ գործել անաղմուկ` համոզուած ըլլալով, որ խլացնող ճառերով կամ շլացնող խոստումներով պիտի չվերականգնի իր երազած «ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան»-ը, այլ` միայն նուիրեալ, անաղմուկ ու անսակարկ գործով: «Մեր այսօրուան հաւաքը թող ըլլայ հայրենասիրութեան գիտակցութեան վերահաստատումի եւ վերընձիւղման հաւաք, առիթ` միասնաբար երդուելու, որ բոլորիս համար հայրենիքը անվտանգ պահելու ճիգը մեզմէ ամէն մէկուն պարտքն է եւ միակ երաշխիքը յառաջիկայ մեր բոլոր գործերու արդիւնաւէտ եւ հայրենանպաստ աւարտին, մեր բոլորին պարտքն է չխնայել ամէն ճիգ` յանուն վաղուան արդար ու անվտանգ հայրենիքի ստեղծման» եզրափակեց Րաֆֆի Աշգարեան:
Գեղարուեստական յայտագիրով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղէն Ռիթա Սարգիսեան ասմունքեց Շահանդուխտի «Արցախեան մահարշաւ»-ը քերթուածը, «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութենէն խումբ մը պատանիներ երգեցին «Ղարաբաղի ինկածներին» երգը, Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին «Արցախեան լեռները», իսկ Կարինէ Ներսէսեան երգեց «Ղարաբաղ» եւ «Ղարաբաղցին» երգերը: Ցուցադրուեցան նաեւ Արցախի նուիրուած երկու տեսերիզներ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Արցախի քայլերգով: