Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբը Ներկայացուց «Արքա՛յ, Արթնցի՛ր» Երաժշտական Թատերախաղը

March 4, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 3 մարտին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սկսաւ ներկայացուիլ Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի «Արքա՛յ, Արթնցի՛ր» երաժշտական կատակերգութիւնը` հետեւողութեամբ Յովհաննէս Թումանեանի «Ոսկիէ կարասը» հեքիաթին, հեղինակ, գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան, մասնակցութեամբ «Գայեանէ» պարի դպրոցի` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեան ամոլին:

Ինչպէս, որ Յովհաննէս Թումանեան ժամանակին իր գիւղին մէջ գտած էր ոսկիէ կարաս մը, Ռոպերթ Առաքելեան եւս Հայաստան` իր գիւղին մէջ կը գտնէ կարաս մը եւ կը յղանայ գաղափարը գրելու նոր թատերախաղ մը, որ ըլլայ Թումանեանի «Ոսկիէ կարասը» պատմութեան հետեւողութեամբ, սակայն ըլլայ այժմէական` պահելով հայկականութիւնը: Առաքելեան կը փորձէ նիւթը կապել մեր առօրեային հետ, որ կ՛արտացոլայ պատմութեան ընդմէջէն փոխանցուած խօսքերով կամ միտքերով, օրինակ` արքայի պարագային, որ կը ղեկավարէ ժողովուրդը` միշտ քնացած է. նաեւ գտնուած կարասի մէջի ոսկիները կը մարմնաւորեն մեր նոր սերունդի 2 օրինակները` աղջնակ մը եւ տղեկ մը, որոնք ներկայացման վերջաւորութեան կը գրաւեն քնացած թագաւորին տեղը` այսպիսով հինը փոխարինելով նորով եւ արժեւորելով նորը, այլ խօսքով` նոր սերունդը, որոնք պիտի ղեկավարեն ստեղծելով փայլուն ապագայ մը:

Թատերախաղին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 85 աշակերտներ, որոնցմէ 35-ը` «Արեգ» թատերախումբի անդամներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը  մարմնաւորեց իր ստանձնած դերը, իսկ մնացեալը` «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտները, որոնք հանդէս եկան 4 պարերով:

Յայտնենք, որ ներկայացումները կը շարունակուին նաեւ այսօր` շաբաթ, 4 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, նոյն վայրին մէջ:

Նախորդը

Հայկազուն Ալվրցեանի «Համշէնը Եւ Համշէնահայութիւնը. Արդի Հիմնախնդիրները» Գրքի Վերաբերեալ

Յաջորդը

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Առաջնորդ` Մասիս Ծ. Վրդ. Եւ Ազգային Իշխանութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.