Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռոպերթ Առաքելեանի «Արքայ, Արթնցի՛ր» Եւ «Սպիտակ Ագռաւը» Բեմադրութիւնները` Համազգայինի «Արեգ» Եւ Հայ Աւետ. Թորոսեան Վարժարանի «Երազ» Թատերախումբերուն Կողմէ

Մարտ 3, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 3 մարտ 2017-էն սկսեալ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմին վրայ պիտի ներկայացուին Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի «Արքայ, Արթնցի՛ր», ապա մարտ 10-էն սկսեալ Հայ Աւետ. Թորոսեան վարժարանի «Երազ» թատերախումբի «Սպիտակ Ագռաւը», երաժշտական կատակերգութիւնները, հեղինակութեամբ, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի:

Կը ներկայացնենք այս առիթով բեմադրիչին հետ կայացած հարցազրոյցը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Երկու տարբեր թատերախումբերու յաջորդաբար ներկայանալը հանրութեան` ծրագրուած էր, թէ՞ զուգադիպութիւն:

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Մենք բոլորս կ՛ապրինք եւ կը ստեղծագործենք ժամանակի ու դիպուածի տիրապետութեան ներքոյ:

Մենք կը ծրագրենք, սակայն բազմաթիւ գործօններ կը ճշդեն այդ ծրագիրներու իրագործման ստոյգ ժամկէտները:

Հ.- Նիւթի ընտրութիւնը որքանո՞վ ենթակայ է ժամանակի եւ դիպուածի քմահաճոյքին:

Ռ. Ա.- Նիւթի ընտրութեան մէջ կարեւորագոյնը ըսելիքն է, որ կրնայ այսօր արդիական, իսկ վաղը ժամանակավրէպ նկատուիլ:

Արուեստագէտը միշտ երկխօսութեան մէջ է աշխարհին հետ: Այդ երկխօսութիւնը յաճախ կը բիւրեղանայ` դառնալով արուեստի ստեղծագործութիւն:

Նիւթի ընտրութեան կրնայ նպաստել որեւէ միջադէպ կամ երեւոյթ, որուն մասին կ՛ուզես բաժնեկցիլ մարդոց հետ:

Հ.- Նաեւ սորվեցնել, խրատել, ելք ցոյց տալ…

Ռ. Ա.- Նման մօտեցումներ ալ կան, բայց ես այդ «մարգարէն» չեմ: Կարելի չէ մարդը դնել դիմացդ, խրատել կամ կրթել: Հանդիսատեսը թատրոնէն կ՛առնէ այն, ինչ որ իրեն պէտք է: Ճաշակն ու գաղափարը կարելի չէ պարտադրել: Կարելի է պարզապէս օրինակելի ըլլալ, ինչպէս լաւագոյն ծնողքը, ուսուցիչը կամ ընկերը:

Թատրոնը ընդհանրապէս մտածել տուող պայմանական եւ իրական խաղ է, երկխօսութիւն դերասանի եւ հանդիսատեսի միջեւ, եթէ նոյնիսկ անիկա մնջախաղ է:

Թատրոնը սորվեցնելէն, խրատելէն, ելք ցոյց տալէն առաջ, կ՛ազնուացնէ մարդը, կ՛ընդլայնէ թէ՛ կատարողին, թէ՛ ալ հանդիսատեսին մտահորիզոնը, կը հարստացնէ երեւակայութիւնը, կը հաղորդէ մտքի ճկունութիւն, կ՛օժտէ մշակութային կերտուածքով, կը ստիպէ երբեմն յաղթել ինքդ քեզ, ոչ թէ միշտ դիմացինին…

Հ.- Իսկ հայ աշակերտին ի՞նչ կու տայ:

Ռ. Ա.- Այդ բոլորին զուգահեռ հայ աշակերտին մեր թատրոնը կը ջանայ փոխանցել հպարտութեան զգացում` իր պատկանելիութեան վերաբերեալ:

Հ.- Ի վերջոյ թատրոնը դպրո՞ց է, ժամա՞նց, տօ՞ն, թէ՞…

Ռ. Ա.- Թատրոնը այն դպրոցը չէ, որ զանգին հետ աշակերտը պէտք է ձեռքերը ծալած լուռ նստի, խօսելու համար ձեռք բարձրացնէ, դասերը գոց սորվի, պայքար մղէ նիշի համար, կամ ջղագրգիռ վիճակի մէջ քննութիւններ յանձնէ:

Թատրոնը դպրոց է, ուր զգուշօրէն կը բացայայտուին ու կը զարգացուին աշակերտին կարողութիւնները:

Թատրոնը իւրայատուկ դպրոց մըն է` տօնական ժամանցի մէջ. պարզ, բայց խորունկ, ուրախ, բայց կարգապահ դպրոց մը, ուր դերասան, կամ հանդիսատես, բոլորը մասնակից կ՛ըլլան արուեստի հաւաքական «հաղորդութեանը»:

Հ.- Ի՞նչը պատճառ դարձաւ «Արեգ»-ի «Արքայ, արթնցի՛ր» թատերախաղի ստեղծման:

Ռ. Ա.- Հայրենի Դսեղ գիւղին մէջ յաճախ կարելի է հին կարասներ գտնել:

Ամենայն հայոց բանաստեղծն ալ ժամանակին նման կարաս մը գտած է ու թէեւ պարապ, բայց այդ կարասը ան «լեցուցած է ոսկիով»` դնելով զայն իր սքանչելի հեքիաթներու կողքին:

Տարիներ առաջ Դսեղի մէջ հողը փորած ատենս ինքս ալ խոշոր կարաս մը գտայ: Երբ բարձրացուցի քարէ կափարիչը, յուսախաբ եղայ` կարասը պարապ էր:

Հետեւելով մեծ հայրենակցիս օրինակին, որոշեցի այդ կարասը լեցնել, սակայն` ոչ ոսկիով: Ի՞նչ արժէք ունի ոսկին, որուն համար աշխարհին մէջ այսքան արցունք կը հեղուի:

Իսկական գանձը մեր ժպտերես, կայտառ մանուկներն են: Այդ կարասին մէջ ես նոր հեքիաթ մը գտայ, այժմէական հեքիաթ մը:

Ընդլայնելով անմահ Թումանեանի փոքրածաւալ, բայց իմաստուն «Ոսկու կարասը» հեքիաթը, գործընկերներուս եւ գանձերուս հետ իրագործեցինք նոր ներկայացում, ուր մեր փոքրիկ շեփորով կը փորձենք արթնցնել ապաշնորհ արքան` գահը վստահելով նոր սերունդին:

Հ.- Կը յաջողի՞ք:

Ռ. Ա.- Ներկայացումը խոշորացոյցի տակ կ՛առնէ մերօրեայ լուրջ խնդիրները` ծիծաղի ու ծաղրի միջոցով ոչնչացնելով զանոնք:

Թատերախաղին մէջ ընդգրկուած են շուրջ 85 աշակերտներ: «Գայեանէ» պարի դպրոցը կը ներկայանայ չորս պարերով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ` Կարէն եւ Ժագլին Մագինեաններու:

Եթէ այսքան աշակերտներ բեմին վրայ միասնաբար կարողանան իրագործել ներկայացման գերխնդիրը, արժանանալով հանդիսատեսի ջերմ գնահատանքին, կը նշանակէ յաջողած ենք:

Հ.- Իսկ «Երազ» թատերախո՞ւմբը:

Ռ. Ա.- Հայ Աւետ. Թորոսեան վարժարանի «Երազ»-ը տասնութամեայ թատերախումբ է եւ ամէն տարի հանրութեան կը ներկայանայ նոր թատերախաղով մը:

«Երազ»-ի կենսագրութեան մէջ անջնջելի հետք ձգած են Պէյրութի, Այնճարի, Դամասկոսի, Հալէպի, Հայաստանի ելոյթները:

Թատրոնը բարդ հիմնարկ մըն է, դժուարագոյնը արուեստի տեսակներու մէջ:

«Երազ»-ի յարատեւութեան գաղտնիքը հոգատար ձեռքերու առկայութիւնն է: Երբ կայ հոգատար տնօրէն` յանձինս Սեդա Գարակէօզեանի, երբ կայ բեմադրիչի մնայուն օգնական` յանձինս Լենա Ճեորճեանի, երբ խմբավարը, պարուսոյցը, բեմայարդարը, հսկիչն ու բեմի բանուորը միշտ թատերախումբին կողքին ըլլան, պարզ վարժարանի մը մէջ ալ կարելի կ՛ըլլայ կայուն թատերախումբ ունենալ:

Հ.- Ո՞րն է «Սպիտակ ագռաւին» գերխնդիրը:

Ռ. Ա.- «Սպիտակ Ագռաւին» կը մասնակցին քառասուն դերակատարներ: Ներկայացման հերոսները կ՛անցնին բազում փորձութիւններէ, ուր կը պայքարին խելքն ու տգիտութիւնը, խիղճն ու ագահութիւնը, սեւն ու սպիտակը…

Կշիռքի մէկ նժարին խելքն է, միւսին` բախտը, սակայն կշիռքի լծակը կը կառավարուի ի վերուստ. «Ինչո՞ւ չէք տեսներ այն ամէնը, որ շռայլօրէն տրուած է ձեզ: Երջանկութիւնը ձեր մէջ է, ձեր շուրջ, ուրիշ տեղ մի փնտռէք զայն… բախտդ` դո՛ւն, ինքդ պիտի կերտես…»:

Ա.- Դուք անձնապէս կ՛անտեսէ՞ք բախտի կամ ճակատագրի գործօնը:

Ռ. Ա.- Անկարելի է բոլորովին անտեսել բախտի գործօնը: Երեւանի Հր. Ղափլանեանի անուան թատրոնէն սկսիլս կրնար ինծի համար նպատակի եւ ջանքի արդիւնք ըլլալ, սակայն չէի կրնար ենթադրել, որ ստեղծագործական լաւագոյն 25 տարիներս պիտի նուիրեմ լիբանանահայ թատերախումբերուն. «Լուսարձակ 40», «Օ. Սեւումեան», «Լ. Շանթ», «Լորիկ», «Երազ», Ճեմարան, «Գ. Իփէկեան», «Արեգ»… շուրջ 150 բեմադրութիւն, ճամբորդութիւններ, սերունդներ…

Ճակատագիրը կարելի չէ փոխել, սակայն կարելի է ջանալ զայն բարեհաճ դարձնել:

Նախորդը

Թորոս Թորամանեան (18641934). Հայկական Ճարտարապետութեան Արժանաւոր Ներկայացուցիչը

Յաջորդը

Հովանաւորութեամբ Տեղեկատուութեան Նախարարութեան. Բացում Հրատարակութեանց Եւ Ուսումնասիրութեանց Տնօրէնութեան Երրորդ Համագումարին` «Երկխօսութեան Մշակոյթն Ու Ընկերային Ցանցերը» Խորագիրով

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?