
Հովանաւորութեամբ տեղեկատուութեան նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանեան հրատարակութիւններու եւ ուսումնասիրութեանց տնօրէնութեան, երէկ` հինգշաբթի, 2 մարտ 2017-ի առաւօտուն, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Իսամ Ֆարես» ժողովասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ նշեալ ուսումնասիրութեանց տնօրէնութեան երրորդ համագումարին `«Երկխօսութեան մշակոյթն ու ընկերային ցանցերը» խորագիրով:
Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք Լիբանանեան հրատարակութիւններու եւ ուսումնասիրութեանց տնօրէն Խտըր Մաժետ ողջունեց ներկաները` յայտնելով, որ «երկխօսութեան մշակոյթը ազգային հրամայական անհրաժեշտութիւն է»: «Երբ հակադիր կողմին հետ երկխօսութեան կը նստինք, մեր քաղաքակիրթ ըլլալը ցոյց տուած կ՛ըլլանք», շեշտեց Մաժետ, որմէ ետք յաջորդաբար խօսք առին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Ֆատլօ Խուրիի ներկայացուցիչ` դոկտ. Նատիա Շէյխ եւ տեղեկատուութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա:
Ապա խօսք առաւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, որ նշեց, թէ այսօր կը գտնուինք հաղորդակցութեան դարաշրջանի մէջ, ուր իւրաքանչիւր քաղաքացի որոշ չափով լրագրող է: «Մեզմէ ոեւէ մէկուն սրտին մէջ որեւէ վէրք թող ըլլայ այն ճեղքը, ուրկէ լոյսը թող թափանցէ», ընդգծեց նախարար Ռիաշի` մէջբերելով Ժալալէտտին Ռումիի խօսքը: Ան յայտնեց, թէ երբ սպիտակ թուղթի վրայ սեւ կէտ մը գտնուի, մենք կը նկատենք միայն սեւ կէտը` մոռնալով մնացեալ սպիտակ մասը, եւ թելադրեց, որ կեդրոնանանք մարդոց էջերու սպիտակ մասերուն վրայ:
Ապա սկսան չորս հանգրուաններու վրայ երկարող զրոյցները` արծարծելով հաղորդակցութեան եւ առհասարակ մամլոյ առնչակից նիւթեր. խօսք առին հիւր զեկուցաբերներ: Զրոյցներու իւրաքանչիւր հանգրուան վարեց զրուցավար մը:
Երկօրեայ համագումարին երկրորդ եւ եզրափակիչ բաժինը պիտի կայանայ այսօր` ուրբաթ, նոյն վայրին մէջ:


