Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Հետախուզութեան Սկսած Է Արցախի Հանրաքուէն Դիտարկած Եւրոպացի Խորհրդարանականներուն Դէմ

February 27, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թերթ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը միջազգային հետախուզութիւն յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Ֆրանք Էնկելի (Լիւքսամպուրկ), Էլենի Թէօխարուսի (Կիպրոս) եւ Եարոմիր Շթեթինայի (Չեխիա) դէմ, Արցախի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն դիտարկելու արարքին համար:

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները կ՛ամբաստանուին «ապօրինի» կերպով Ազրպէյճանի «գրաւեալ տարածքները» այցելելու յանցանքով:

Ֆրանք Էնկել յայտարարած է, թէ տակաւին յստակ չեն այս հետապնդումին հետեւանքները, սակայն աւելցուցած է. «Ամէն պարագայի, ես կը պատրաստուիմ աւելի երկար ժամանակ անցընելու ազատ Արցախի մէջ»:

«Պանանային հանրապետութեան աւազակապետ ընտանիքը կը փորձէ սպառնալ` վիրաւորելով իմ իմացականութիւնս ու վճռականութիւնս: Ես պիտի շարունակեմ Արցախի կողքին կանգնիլ` թէ՛ անձրեւի եւ թէ՛ արեւու տակ», աւելցուցած է Էնկել:

Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան, յղում կատարելով Հայաստանի ոստիկանութեան, ըսած է, որ երեսփոխանները «Ինթըրփոլ»-ի կողմէ չեն հետապնդուիր եւ աւելցուցած. «Պաքուն պիտի չյաջողի որեւէ արդիւնքի հասնիլ իր կեղծ տուեալներով»: Իր կարգին, Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան տեղի ունեցածը որակած է «կոպիտ խտրականութիւն»:

Նաեւ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին, Պաքուի նշեալ քայլը ծիծաղելի նկատած է: «Այսօր ես կը հրաժարիմ մեկնաբանելէ: Ատիկա ուղղակի զաւեշտ է եւ որեւէ ձեւով չի կրնար ազդել դէպի Արցախ այցելութիւններուն վրայ», ըսած է փոխնախարարը:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամները Արցախի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէին վերաբերեալ իրենց միացեալ յայտարարութեան մէջ դրական գնահատական տուին` նշելով, որ Արցախի ժողովուրդը պէտք չէ անտեսուած մնայ միջազգային հանրութեան կողմէ, մինչ` Արցախ կը գտնուի «թշնամի դրացիին կողմէ զինուորական շարունակական յարձակումներու սպառնալիքին տակ»:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Յիշողութիւնը Տկար Է, Եւ Ան Ապերախտ Է» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Արցախ-Ազրպէյճան Լարուածութեան Աճի Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.