
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Էտըմզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու անոնց զարգացման հեռանկարները, յատկապէս ճարտարարուեստի մարզին մէջ:
Նախարար Սապունճեան այս առիթով արծարծեց Լիբանանը քանատական արտադրութեանց փոխանակման յառաջատար կեդրոնի մը վերածելու կարելիութիւնը` անհրաժեշտ նկատելով այս գծով Քանատայի քաջալերանքն ու զօրակցութիւնը ճարտարարուեստական փոխանակման դիւրացման:


