«Ո՛վ լիբանանցիք, ձեր ապագան ձեր ձեռքն է ու Լիբանան պէտք ունի ձեզի», յայտարարեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ, երէկ գիշեր Սպանիոյ ազգային տօնին առիթով Հատեթի դեսպանատան մէջ կազմակերպած իր ընդունելութեան ընթացքին:
Դեսպան Կաֆօ իր արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ իբրեւ օրինակ նշեց Սպանիան, «որ կը դրսեւորէ այլազան քաղաքակրթութեանց ընդելուզումն ու համակեցութեան մարմնաւորումը»:


