Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Դաշեան. «Ընտրակաշառքին Պիտի Հակազդենք Գաղափարով»

February 18, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գեղարքունիքի մարզին մէջ ՀՅԴ վարկանշային ցուցակով առաջադրուած է Յակոբ Դաշեան, որ Հայաստանի ազգային բազմարուեստից համալսարանի դասախօս է:

Ան «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ առաջարկը` մասնակցիլ ընտրութիւններուն վարկանշային ցուցակով, եղած է կուսակցութեան կողմէ, եւ ինք ընդառաջած է:

Դաշեանի խօսքով` տակաւին յստակ չէ, թէ քանի առաջադրուած վարկանշային թեկնածու կայ իրենց մարզին մէջ, տակաւին  էական խախտումներ ալ չկան: «Նախընտրական եռուզեռ է մեր մօտ: Տակաւին ինչ որ խախտումներ նկատելի չեն, թեկնածուներն ալ բաւական շատ պիտի ըլլան», ըսաւ ան:

Դաշեան նշեց, որ թէեւ այս համակարգային փոփոխութիւնը իրենց (ՀՅԴ) նախաձեռնութիւնն է, բայց ասիկա իրենց ուզած 100 առ հարիւր  համամասնական ընտրակարգը չէ:

Դաշեան ըսաւ. «Բոլոր կարելի, թոյլատրելի միջոցներով պէտք է ընտրողին հասցնենք մեր գաղափարները` անհատական հանդիպումներով, բակային հանդիպումներով: Մեր խօսքը տեղ հասցնելով որեւէ միջոցով ընտրողը պէտք է կարենանք ճիշդ ուղիին վրայ դնել»:

Իսկ թէ ի՞նչ կը նշանակէ ընտրողը «ճիշդ ուղիին վրայ դնելը», բացատրեց.  «Ընտրողին պէտք է հասկցնել, որ ընտրակաշառքով քուէ  չտայ: Ան պէտք է հասկնայ, որ ընտրակաշառքով ինքն իր ապագան կը  կործանէ, ատիկա կատարելով` ամբողջ ազգի ճակատագիրին վրայ  կ՛ազդէ»:

Ըստ Դաշեանի, այս բոլորին հասնելու առաջին քայլը այն պէտք է ըլլայ, որ մարդոց իրաւագիտակցութիւնը բարձրանայ, ապա` պէտք է հասնիլ անոր, որ մարդոց հիասթափութիւնը վերանայ: «Մարդոց հիասթափութիւնը պէտք է վերացուի, հաւատքը ապագային հանդէպ վերականգնի: Այս բոլորին ուղղուած է ՀՅԴ ծրագիրը, որ իրատեսական է եւ մրցունակ», ընդգծեց ան:

Դաշեանի համաձայն, Դաշնակցութեան յաղթաթուղթը ընտրութիւններուն պիտի ըլլայ այն, որ ՀՅԴ-ն նախ եւ առաջ կ՛առանձնանայ իբրեւ  ընկերվարական ուղղուածութեան կուսակցութիւն եւ անոր մտահոգութիւնը աշխատող մարդոց, ժողովուրդին շահերը պաշտպանելն է: «Մենք ընտրակաշառք պիտի չբաժնենք, մեր ամբողջ քարոզարշաւը կառուցուած պիտի ըլլայ գաղափարի վրայ: Ընտրակաշառքին պիտի  հակազդենք գաղափարով», շեշտեց ան:

Դաշեան ըսաւ, թէ ՀՅԴ-ի շնորհիւ երկրին մէջ արմատական փոփոխութիւններ սկսած են, եւ զանոնք աւարտին հասցնելու համար պէտք է խորհրդարանին մէջ զգալի ներկայացուածութիւն ունենալ: «Ես վստահ եմ, որ պիտի ունենանք այդ ներկայացուածութիւնը, որ կարենանք տրամաբանական աւարտին հասցնել մեր նախաձեռնած փոփոխութիւնները», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

«Սահմանադրութեան Վերաբերեալ Հանրաքուէի Կայացումը Պիտի Չլուծէ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը» Կ՛ըսէ Մոսկուա

Յաջորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դիտորդական Առաքելութիւն Պիտի Ուղարկէ Արցախ

RelatedPosts

Փաշինեանն Ու Էրտողանը Քննարկած Են  Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեանն Ու Էրտողանը Քննարկած Են Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

September 24, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Եւ Հայաստանը Երկկողմ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ  Յառաջընթաց Արձանագրած Են»
Հայկական

Էրտողան. «Թուրքիան Եւ Հայաստանը Երկկողմ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրած Են»

September 24, 2026
Լաւրով. «Համոզուած Եմ, Որ Ռուս-Հայկական  Համապարփակ Համագործակցութեան Պահպանումը  Կը Համապատասխանէ Մեր Երկիրներու  Ժողովուրդներու Շահերուն»
Հայկական

Լաւրով. «Համոզուած Եմ, Որ Ռուս-Հայկական Համապարփակ Համագործակցութեան Պահպանումը Կը Համապատասխանէ Մեր Երկիրներու Ժողովուրդներու Շահերուն»

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.