Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքէն ԹԱՍՍ-ին յայտնած են, որ Ռուսիա չի կարծեր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծումը կրնայ կախեալ ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախատեսուած սահմանադրական հանրաքուէէն:
Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ սահմանադրական հանրաքուէն նախատեսուած է 20 փետրուարին:
«Մենք կը մեկնինք անկէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը պէտք է որոշուի քաղաքական բանակցութիւններու ճամբով` Մինսքի հոլովոյթի ծիրին մէջ: Այդ հիմամբ չենք կարծեր, որ խաղաղ լուծման հոլովոյթը կրնայ կախեալ ըլլալ վերոյիշեալ սահմանադրական հանրաքուէի կայացումէն», ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: