
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ կառավարութիւնները ճանչցած է իբրեւ պատասխանող կողմ ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ Պուտափեշթի մէջ 2004-ին կացինահարուած հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանի գործով, ինչ որ արդէն դրական տեղաշարժ է:
Այս մասին «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Մարգարեանի հարազատները ներկայացնող փաստաբան Նազելի Վարդանեան:
«Մենք պահանջած ենք, որ Հունգարիոյ որոշումը անվաւեր հռչակուի, եւ Սաֆարով վերադարձուի Հունգարիա: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին որեւէ նիւթական պահանջ չէ ներկայացուած: Կ՛ակնկալուի, որ այս տարի մեր պահանջին վերաբերեալ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշում ըլլայ», ըսած է փաստաբանը` աւելցնելով, որ որեւէ մէկը չի կրնար նախատեսել, թէ դատարանը ի՛նչ որոշում պիտի կայացնէ:
Նազելի Վարդանեան նաեւ աւելցուցած է, որ 12 յունուար 2016-ին, եւրոպական դատարանը երեքական հարցում ուղղած է Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն, եւ կողմերը պատասխանած են անոնց:


