Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջազգային Ներում»-ը Ազրպէյճանի Իշխանութիւններէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Լափշինը

Փետրուար 14, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ միջազգային իրաւապաշտպան «Միջազգային ներում» կազմակերպութիւնը խստօրէն դատապարտած է պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի արտայանձնումը Պիելոռուսիայէն Ազրպէյճան: Կազմակերպութեան կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ պլոկըրը Ազրպէյճանի մէջ բռնութիւններու եւ անարդար դատավարութեան սպառնալիքի տակ է: Կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու Լափշինի դէմ քրէական հետապնդումը եւ անյապաղ ազատ արձակելու զայն:

«Միջազգային ներումը կը կարծէ, որ Ալեքսանտր Լափշինի արտայանձնումն ու անոր դէմ քրէական գործի յարուցումը կապուած է անոր պլոկին հետ, ուր քննադատած էր Ազրպէյճանի սահմանապահ ծառայութիւնները եւ երկրին մէջ ընկերային անհաւասարութիւնը: «Հրապարակային կերպով պետութեան դէմ յայտարարութիւններ կատարելու» հիմնաւորումով քրէական գործի յարուցումը չունի որեւէ իրաւական հիմք, որովհետեւ իր պլոկին մէջ Լափշինի` Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն նկատմամբ քննադատութիւն հնչեցնելը ամբողջութեամբ կը տեղաւորուի խօսքի ազատութեան իրաւունքի ծիրին մէջ», կը նշուի կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:

Անդրադառնալով սահմանը անօրինական կերպով կտրելու մեղադրանքին` «Միջազգային ներում»-ը կ՛ընդգծէ, որ անօրինական մուտքը երկիր պէտք չէ նկատուի իբրեւ քրէօրէն պատժելի հանգամանք: «Միջազգային ներում»-ը կը կարծէ, որ անոր ձերբակալումը կամայական քայլ է, եւ կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու Լափշինի դէմ քրէական հետապնդումը: Ան պէտք է անյապաղ ազատ արձակուի: Մտահոգութիւններ բարձրացուած են Պիելոռուսիոյ մէջ Լափշինի ազատազրկման պայմաններուն առնչութեամբ: Ան նաեւ Ազրպէյճանի մէջ խոշտանգումներու եւ այլ բռնութիւններու վտանգի տակ է: Լափշինի` Պաքու հասնելէն երկու օր ետք արդէն անոր մերժած են հանդիպիլ կնոջ հետ», կը նշէ կազմակերպութիւնը` ընդգծելով, որ նախապէս եւս արձանագրուած են բազմաթիւ դէպքեր, երբ անհատներ, որոնք քննադատած են Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, ձերբակալուած են եւ անարդար դատական հոլովոյթի պատճառով դատապարտուած են ազատազրկման:

«Ալեքսանտր Լափշինը արտայանձնելով Ազրպէյճան, ուր ան խոշտանգումներու եւ տարատեսակ բռնութիւններու վտանգի տակ է, Պիելոռուսիոյ իշխանութիւնները ձախողեցան կատարել իրենց պարտաւորութիւնները, որոնք ստանձնած են միջազգային իրաւունքի տակ», կը յայտնէ «Միջազգային ներում»-ը:

Միւս կողմէ, Վրաստանի նախագահի` Կովկասի մէջ շրջանային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Վախթանգ Մայիսեան ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքին յայտնած է, որ Վրաստան կրնայ Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու փորձը կիրարկել:

«Վրաստանի մէջ 2009-էն, այսինքն` 2008-ի վրաց-ռուսական պատերազմէն ետք կը գործէ «Բռնագրաւուած տարածքներու մասին» օրէնքը, որ բանտարկութիւն կը նախատեսէ այն օտարերկրացիներուն համար, որոնք առանց Վրաստանի համաձայնութեան եղած են բռնագրաւուած Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ», ըսած է ան:

«Այդ գործելաոճը շատ արդիւնաւէտ է, իսկ «Լափշինի նախադէպ»-ի լոյսին տակ աւելի արդիւնաւէտ պիտի դառնայ: Արտայանձնուած պլոկըրի գործը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ միջազգային պայմանագրային իրաւունքի ծիրին մէջ վճռական հարուած հասցնելու քաղաքական խուլիկանութեան», համոզուած է Մայիսեան:

Նշեալ օրէնքը մեղմացուած է Վրաստանի նոր իշխանութիւններուն կողմէ. առաջին անգամ «Վրաստանի բռնագրաւուած տարածքներ» այցելածները միայն տուգանքի պիտի ենթարկուին, իսկ եթէ կրկնուի այցելութիւնը պիտի բանտարկուին:

 

Նախորդը

«Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Այս Տարի Կրնայ Սաֆարովի Հունգարիա Վերադարձի Պահանջին Վերաբերեալ Որոշում Կայացնել» Կ՛ըսէ Փաստաբանը

Յաջորդը

Թուրք Նախարարը Կը Վերյիշեցնէ Հայաստանի Հետ Սահմանը Բանալու Նախապայմանը

RelatedPosts

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025
Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»
Հայկական

Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»

Մայիս 13, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?