Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանէն Սուրիա 40 Թոն Մարդասիրական Օգնութիւն Պիտի Ուղարկուի

February 14, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին յանձնարարութեամբ սուրիական տագնապէն տուժած բնակիչներուն աջակցելու նպատակով Հայաստանէն Սուրիա 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն պիտի ուղարկուի: Այս մասին 13 փետրուարին սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբի հերթական նիստին ըսած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Ան նշած է, որ համապատասխան նախարարութիւններէն աշխատակիցներ պիտի մեկնին Սուրիա` երկու օդանաւով առաքուելիք բեռը հասցնելու համար: «Մենք այդ օգնութիւնը չենք ուղարկեր միայն այնտեղ բնակող հայերուն: Մենք ատիկա կ՛ուղարկենք այն վայրերը, ուր մեր հայրենակիցներուն հետ միասին կը բնակին նաեւ սուրիացիներ»,  ըսած է նախարարը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն Սուրիա պիտի ուղարկուին առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ` հագուստ, սնունդ:

Սուրիական տագնապէն տուժած բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու նպատակով Հայաստանի կառավարութիւնը պահեստի ֆոնտէն յատկացուցած է աւելի քան 46 միլիոն դրամ: Գումարը նուիրաբերութեան կարգով փոխանցուած է «Հայաստան»  համահայկական հիմնադրամին` մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար անհրաժեշտ ապրանքներ ձեռք բերելու նպատակով:

Հայաստանի նախագահին յանձնարարութեամբ սուրիական տագնապէն  տուժած բնակիչներուն աջակցելու համար անցեալ տարուան 3 հոկտեմբերին, ապա 5 հոկտեմբերին Երեւանէն Սուրիա մեկնած է մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող երկու օդանաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութեան բեռներուն վրայ մակագրուած էր. «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն` Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Այս Տարի Կրնայ Սաֆարովի Հունգարիա Վերադարձի Պահանջին Վերաբերեալ Որոշում Կայացնել» Կ՛ըսէ Փաստաբանը

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.