
Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցեցաւ Ամալ Պիքֆայայի դէմ:
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պարտուեցաւ իր մրցակիցէն` 4-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-1), եւ Ա. դասակարգ բարձրանալու իր յոյսերը կորսնցուց:
Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-սիքս»-ի ծիրին մէջ իր կատարած երկրորդ մրցումին, երէկ, ՀՄԸՄ Պէյրութ 5-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Մուաուատ խումբին դէմ, Սատի մարզադաշտին վրայ:
Երուանդ Մանասերեան եւ Զաւէն Լեփեճեան նշանակեցին 2-ական կոլ, մինչ հինգերորդ կոլը նշանակեց Ժատ Իպրահիմ: