
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, երբ Հուփս հիւրընկալեց Սաժեսը:
Հուփս արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` երկարաձգումէն ետք 93-88 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սաժեսը (26-13, 46-26, 67-48, 78-78 եւ 93-88): Նշենք, որ Սաժես կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը:
Մրցումին լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացաւ Սաժեսէն Թերել Սթոկլին, որ նշանակեց 34 կէտ, մինչ անոր խմբակից Մայքըլ Էֆիպրա նշանակեց 31 կէտ: Հուփսէն Վլատան Վուքոսակիեւիչ նշանակեց 27 կէտ, իսկ Ալի Մըզհեր` 20:
Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան Հուփս առիթով մը ունեցաւ 26 կէտի առաւելութիւն (67-41):
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Ռիատի, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լուէյզին, 118-69 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (28-19, 50-36, 83-54 եւ 118-69):
Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ալատէ Ամիտու (29), ապա` Ալի Հայտար (19):
Իսկ Լուէյզիէն 18-ական կէտ նշանակեցին Ուենտըլ Լուիս եւ Թրէյվիս Մաքքի: Անոնց խմբակից Էլի Սթեֆան նշանակեց 17 կէտ:
Ռիատի ձեռք ձգեց 37 ռիպաունտ` 29-ի փոխարէն, իսկ Ռիատիին էսիսթներուն թիւը եղաւ 41, մինչ Լուէյզիինը` 12:
Նշենք, որ այսօր եւ վաղը մրցում տեղի պիտի չունենայ: