Ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, «Լանքասթըր» պանդոկին մէջ (Այն Մրայսէ) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Հուփս ակումբը պատուեց ֆութպոլի իր խումբը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեան:
Ներկայ եղան նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի ներկայացուցիչը, Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար, Ժիհատ Շահաֆ, այլ պատասխանատուներ, մարզական լրագրողներ եւ մարզիկներուն ընտանեկան պարագաները:
Աւարտին, ախոյեան խումբին տիտղոսին եւ մետալներուն տրուելէն ետք, Քանսօ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց նախարար Ֆընէյշի: