
Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Անդրանիկ Թէյմուրեանի Իսթիղլալ տեղափոխութիւնը տեղի չունեցաւ` նկատի ունենալով, որ իրանեան ակումբին արգիլուեցաւ նորեկ մարզիկներ միացնել խումբին:
Նշենք, որ Իսթիղլալի հետ հանդէս կու գայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Հրայր Մկոյեան:
Նկատի ունենալով, որ այս փոխանցումը չկատարուեցաւ, 33 տարեկան Թէյմուրեան կէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Նաֆթի հետ:
Թէյմուրեան իր նոր կազմին հետ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Փայքանի դէմ, որուն հետ ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան: