Նախորդ շաբաթավերջին, աւարտեցաւ ափրիկեան ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը, Քամերունի եւ Եգիպտոսի միջեւ:
Քամերուն հինգերորդ անգամն ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին, երբ 1-0 արդիւնքով ուշանալէ ետք, յաջողեցաւ նշանակել 2 կոլ եւ տանիլ վերջնական յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով: Քամերուն, որ աւելի լաւ առիթներ ստեղծեց, քան Եգիպտոս, իր յաղթանակի կոլը նշանակեց մրցումին աւարտէն երկու վայրկեան առաջ` շնորհիւ Վենսան Ապուպաքարի:
Եգիպտոսի կոլը նշանակեց Մոհամետ Նենի (22-րդ), մինչ Քամերունի հաւասարութեան կոլը` Նիքոլա Նքուլու (59-րդ):
Եգիպտոսի մարզիչ Հեքթոր Քուփըրի համար աւարտականի այս պարտութիւնը եղաւ մեծ հարուած մը` նկատի ունենալով, որ ան այսպիսով մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին կը պարտուէր 6-րդ աւարտականի մրցումին: