Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբին ղեկավարութիւնը դժգոհ մնաց Սելթա Վիկօ – Ռէալ Մատրիտ մրցումին յետաձգման առնչութեամբ: Մրցումը կ՛իյնար «Լա լիկա»-ի 21-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Փերես հաստատեց, որ այս մրցումը կրնար կատարուիլ ճշդուած թուականին` նկատի ունենալով, որ եղանակային վատ պայմաններուն պատճառով Վիկոյի մարզադաշտին վնասուած մասերը կրնային վերանորոգուիլ մինչեւ մրցումին սկսիլը:
Ատկէ բացի, առաջարկ ներկայացուած մրցումը փոխադրելու մօտակայ դաշտ մը, բայց այդ առաջարկը կտրուկ կերպով մերժուած էր:
Այլ գետնի վրայ, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ 16-րդ հանգրուանէն յետաձգուած Վալենսիա – Ռէալ Մատրիտ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 22 փետրուարին: Այս մրցումը յետաձգուած էր, որովհետեւ Ռէալ Մատրիտ մասնակցեցաւ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան: