
26 փետրուարին «Ուիմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Մանչեսթըր Եունայթտ – Սաութհեմփթըն Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին աւարտական ճակատումը:
«Սքայ Սփորթց» երէկ հաղորդեց, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուեցաւ Անտրէ Մարինըր (46 տարեկան):
Անոր օգնականները պիտի ըլլան` Ռիչըրտ Ուեսթ եւ Սթիւըրթ Պըրթ, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Քեւին Ֆրենտ:


