Քաթալոնական Պարսելոնայի միջնապահ Ռաֆինիա Ալքանթարա, որ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 21-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այսօր Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումին:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Բախում ունենալով Պիլպաոյի բերդապահին հետ` ան ստացած էր քիթի կոտրուածք եւ ճակատի պատռուածք: Երթին Պարսելոնա իր դաշտէն դուրս արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: