Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Լոքեան Լրատուամիջոցներուն Հետ Հանդիպումի Մը Ընթացքին Ներկայացուցած Է Մարզային Ներդրումային Ծրագիրները

Փետրուար 7, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան երէկ լրատուամիջոցներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ներկայացուցած է վերջին երկուքուկէս ամսուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին  գլխաւորութեամբ աշխատանքային այցելութիւններու հետեւանքով մշակուած ներդրումային ծրագիրները, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան ընդհանուր ծրագիրները եւ այն քայլերը, որոնք յառաջիկային պէտք է յանգեցնեն մարզերուն մէջ համաչափութեան ապահովման եւ տնտեսութեան յառաջխաղացման:

Նախարար Լոքեան ըսած է.

«Գիտէք, որ մեր երկրին մէջ տարածքային լուրջ անհամաչափութիւն կայ, երկրի Համախառն ներքին արդիւնքի շուրջ 50 եւ աւելի տոկոսային մասը կ՛ապահովէ Երեւանը. մարզերուն մէջ մէկ հոգիին բաժին ինկող համախառն ներքին արդիւնքը ցած է, եւ այդ համախառն արդիւնքը, որ կը ստեղծուի մարզերուն մէջ, խիստ անբաւարար է: Կառավարութեան ընդհանուր տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. ծանօթանալ իւրաքանչիւր մարզի բնական, արտադրական, մարդկային դրամագլուխի կարելիութիւններուն, անոնց հիման վրայ  կառավարութեան ծրագիրներ ներկայացնել, քննարկել զանոնք եւ արդիւնքը` համապատասխան պետական աջակցութեամբ մարզերուն մէջ խթանել տնտեսական զարգացումը:

Բոլորիս յայտնի է մէկ բան, որ երկրին համախառն ներքին արդիւնքը բաւական պզտիկ է, աւելցուած արժէք ապահովող արտադրանքներուն թիւը խիստ սահմանափակ է, ներմուծումը մեծ է, եւ տնտեսական ձեռնարկութիւններու աշխուժութիւնը, ոգեւորութիւնը, աշխատատեղ ստեղծելու խնդիրներուն մէջ բաւական կրաւորական է: Այս տեսակէտէն  մենք ընդհանուր սկզբունք ունինք կառավարութեան մէջ. գտնել այն կարելի ուղիները, որոնց պարագային սեփական մարզը պետութեան աջակցութեամբ կը սկսի աշխուժանալ, եւ պետութեան մէջ մեծ աւելցուած արժէք կը ստեղծուի: Այն յայտարարութիւնները, այն լրատուութիւնը, որ արտերկրին մէջ եւ մեր մօտ կը շրջանառուի, որ մեր երկիրը շատ թոյլ ներդրումային ներուժ ունի, որ նոյնիսկ մենք ծրագիրներ չունինք, որոնք կարելի է ֆինանսաւորել, իրականութեան չի համապատասխաներ, քանի որ այս 3 ամիսներուն ընթացքին  կառավարութիւնը մարզերէն եւ Երեւանէն ստացած է շուրջ 3,2 միլիառ  տոլարի ծրագիր: Եթէ նոյնիսկ մենք պատկերացնենք, որ այդ ծրագիրներուն շուրջ 60 առ հարիւրը վտանգներով լի է, աւելցուած արժէք չեն ապահովեր, համախառն ներքին արդիւնքին մէջ շատ մեծ յառաջընթաց չեն բերեր, այսինքն` պետութեան կողմէ անոնց ֆինանսաւորումը կը դառնայ ոչ այնքան արդիւնաւէտ, ապա ստացուած ծրագիրներու հիման վրայ կրնանք ըսել, որ 2017-ին մենք երկրին մէջ կրնանք 800 միլիոնէն մինչեւ 1 միլիառ  տոլարի ներդրումային խնդիրներ լուծել: Իսկ ատիկա իր հերթին կը յանգեցնէ տնտեսական աշխուժութեան եւ աշխատատեղերու ստեղծման: Այսինքն, այն յոռետեսութիւնը, որ մեր երկիրը փոքր ներդրումային ներուժ ունի, իրականութեան մէջ այդպէս չէ:

Աշխատանքային այցելութիւններու ընթացքին մեր խնդիրը եղած է ամբողջ կառավարութեամբ կարենալ հասանելի դառնալ մեր գործարարին, մեր համայնքապետին, մեր մարզպետին, որոնք կը կառավարեն, կը ղեկավարեն մեր տարածքները: Մարզային հանդիպումներէն ետք մենք խնդրած ենք, առաջարկած ենք, պահանջած  ենք, որ գործարարները, աշխուժ քաղաքացիները կառավարութեան  ներկայացնեն ծրագիրներ: Տեղեկացնեմ ձեզի, որ մեր նախարարութիւնն է մարզերէն ստացուող հիմնական ծրագիրներ ընդունողը  կառավարութեան մէջ, եւ ստացած ենք շուրջ 132 ծրագիր: Անոնք  բազմաբնոյթ ծրագիրներ են` գիւղատնտեսութեան վերամշակում, զբօսաշրջութիւն, ելեկտրակայաններու, ջրելեկտրակայաններու կառուցում եւ այլ բազմապիսի ծրագիրներ:

Երկրորդ փուլին նախարարութիւնը այդ ծրագիրները կը ձեւաւորէ  ներդրումային ծրագիրի տեսքով, որ յատուկ ձեւ ունի, որ մշակուած է մեր նախարարութեան մէջ, ներկայացուած կառավարութեան, եւ փոխանցուած բոլոր մարզերուն եւ համայնքներուն, որպէսզի այդ գործով զբաղող մարդը հասկնայ, թէ ի՛նչ ձեւով կը լրացուի իր առաջին դիմումը: Ապա ծրագիրները մեր նախարարութենէն կը փոխանցուին գիւղատնտեսութեան եւ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու  նախարարութիւններ` 5-օրեայ ժամկէտով ուսումնասիրութեան համար, որմէ ետք 7-օրեայ ժամկէտով` Կեդրոնական դրամատուն, որմէ ետք ծրագիրները անգամ մը եւս կը փոխանցուին մեր նախարարութիւն եւ կը ներկայացուին կառավարութեան հարթակին: Հարթակը կազմուած է վարչապետէն, փոխվարչապետէն, ելեւմուտքի, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարներէն եւ այն մարզերու ղեկավարներէն, որոնք ուղղակիօրէն առնչութիւն ունին տնտեսական զարգացման խնդիրներուն հետ: Օրինակ, մենք առաջին 5 մարզերուն համար կառավարութեան հարթակին ներկայացուցած ենք 44 ծրագիր, որոնցմէ 34-ը ստացած է դրական եզրակացութիւն:

Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ կրկնել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի բաւական մեծ ներդրումային ներուժ: Երկիր, որ շուրջ 3 եւ աւելի միլիառ տոլարի ներմուծում կ՛իրականացնէ, չի կրնար չունենալ ներդրումային ներուժ: Ներմուծուող ապրանքատեսակներուն մէկ մասը կրնանք արտադրել Հայաստանի մէջ` որակով, ցած ինքնարժէքով եւ մրցակցային:

Տեղեկացնեմ, որ նախարարութիւնը ունի ներդրումային 2-րդ ծրագրային փաթեթը, որ կարելի է սկսած նկատել: Մօտաւորապէս կը կազմէ 34 միլիառ  դրամի ներդրումային ծրագիրներ, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը արտերկրի դրամաշնորհային միջոցներն են:

Շուրջ 7 ծրագիր ունինք, որոնց ֆինանսաւորումը արդէն կատարուած է Եւրոպական Միութեան դրամաշնորհներու հաշուոյն, եւ պետութեան համաֆինանսաւորումով: Ի դէպ, պետութիւնը այս ծրագիրներուն ուղղակի պատասխանատու է, քանի որ 25 տոկոսի չափով ինք կը մասնակցի այդ ծրագիրներուն: Այս ծրագիրները պիտի ապահովեն յառաջիկայ տարուան ընացքին 500 աշխատատեղ միջինէն բարձր աշխատավարձով: Այս ծրագիրները խոշորացման եւ տարածքներու  համաչափ զարգացման առաջին մեծ ծրագիրներն են»:

 

 

Նախորդը

Դաւիթ Տօնոյեան Նշանակուած Է Արտակարգ Իրավիճակներու Նոր Նախարար

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Շրջանային Յանձնախումբի Ժողովին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?