«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ երեկոյեան Մուսթաքպալ հոսանքին գումարած նիստին յղած իր բերանացի պատգամին մէջ հաստատած է, որ ինք այս հանգրուանին աւելի կառչած կը մնայ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու դաշինքին:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ քրիստոնեաները կը զօրակցին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ անոր կեցուածքներուն:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն, ինչպէս նաեւ Ժոմպլաթի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները փշոտ են:
ԸՍՏ «Սաֆիր» օրաթերթին, Դամասկոս փաստեր ունի Սուրիոյ դէպքերուն վերաբերեալ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժերու մեղսակցութեան մասին:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը անպայման պէտք է ուղղութիւն տայ աշխատավարձերու յաւելման առումով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ դրուատեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի մշակած ընտրական օրէնքը: Ան դիտել տուաւ, որ համամասնական դրութեան հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը բացառիկ նուաճում կրնայ ըլլալ Լիբանանի համար:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ «Նաշրա» կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երբեմն խորհրդարանական փոքրամասնութեան քաղաքական կեցուածքները կ՛արտայայտեն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքը, որուն հետ քննարկեց Գահիրէի միջադէպերը: Սինիորա ցաւ յայտնեց Գահիրէի մէջ արձանագրուած արիւնահեղութեան համար` շեշտելով, որ պէտք է հետաքննութիւն բանալ այդ դէպքերուն առնչութեամբ` բացայայտելու համար անոնց դրդապատճառները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Եգիպտոսի դէպքերը կը փաստեն մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւններուն իրաւացի ըլլալը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժի «Էֆ. 16» տիպի երկու կործանիչներ երէկ ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ գործած են Հասպայայի, Մերժահիունի, Արեւմտեան Պեքաայի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ: Այս թռիչքներով Իսրայէլ անգամ մը եւս խախտած է ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը եւ ոտնձգութիւններ գործած լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք նախանձախնդիր են առաջարկուած ընտրական բոլոր օրինագիծերուն` դիւրացնել կարենալու համար ընտրական այն օրինագիծին որդեգրումը, որ ազգային ու քրիստոնէական մակարդակի վրայ կ՛երաշխաւորէ ամէնէն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը:


