
PROFOTO
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժունիէ) տեղի ունեցաւ Մէյրուպա – Ռիատի հանդիպումը:
Թէեւ Մէյրուպա առաջին երկու քորթըրներուն բաւական լաւ ներկայացում մը կատարեց, բայց վերջին երկու քորթըրներուն, Ռիատի բարելաւելով իր խաղարկութիւնը, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 77-64 արդիւնքով (21-21, 36-35, 47-54 եւ 64-77):
Մէյրուպայի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քալվին Քէյճ (25 կէտ), իսկ անոր խմբակիցներ Էմանուէլ Ճոնզ եւ Ռոպըրթ Ափշօ` 16-ական կէտ:
Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեցին Ամիր Սէուտ, Ալատէ Ամինու եւ Ուաէլ Արաքժի (14-ական):
Ռիատի ձեռք ձգեց 55 ռիպաունտ (փոխան` 32-ի) եւ կատարեց 24 էսիսթ (փոխան` 13-ի):
Օրուան իրաւարարներն էին Ֆաուզի Աշքութի, Զիատ Թաննուս եւ Ժորժ Տըրղամ:
Այսօր մրցում տեղի պիտի չունենայ: