Հայաստանի յառաջատար ծանրաբարձներէն Աղասի Աղասեան նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ կ՛աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Ան Հայաստանի տղոց ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 94 քկ դասակարգի մրցումներուն, երկամարտի արդիւնքով, բարձրացնելով 344 քկ գրաւեց երկրորդ դիրքը` զիջելով Կարուշ Ղուկասեանին (350 քկ):
Նշենք, որ հակառակ անոր որ Աղասեան վերջին տարիներուն աւելի լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէր, սակայն անոր փոխարէն Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերուն մասնակցեցաւ Առաքել Միրզոյեան:
Ողիմպիականի այդ խաղերէն ետք Աղասեան յայտարարած էր, որ հայկական ծանրաբարձութեան մէջ կը տիրէ անարդարութիւն: