Երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Մոսքաթ (Օման) մեկնեցաւ լիբանանեան Ահտ ֆութպոլի խումբը, որ Ֆանժա խումբին դէմ մրցում մը ունի կատարելիք Արաբական ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Ահտի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ակումբի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ասի:
Նշենք, որ երթին Ահտ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 8 փետրուարին, ժամը 16:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Անիկա ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն:
Յաղթանակ կամ հաւասարութիւն արձանագրելու պարագային, Ահտ պիտի ապահովէ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: