Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ԱՆՈՐՈՇ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆՈՒԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ

October 12, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արմէն Ռուստամեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան Հայ ազգային քոնկրեսին պարզած անորոշ վիճակը կը պայմանաւորէ այն փաստով, որ այսուհետեւ քոնկրեսը կը պահանջէ ոչ թէ արտակարգ ընտրութիւններ, այլ` Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը:

Ռուստամեան նշեց, որ քոնկրեսը անորոշ վիճակի մէջ յայտնուած է իր ցանկութիւններուն մէջ, կ՛ուզէ որոշ քաղաքական պահանջ ձեւակերպել, բայց չի յաջողիր: Ան աւելցուց, որ ամէն անգամ կը ներկայացնեն պահանջներ, որոնք կա՛մ Սահմանադրութեան կը հակասեն, կա՛մ ալ իրենց նշուած ժամկէտներուն ընթացքին փաստացի ձեւով չեն կրնար իրականացնել: Արմէն Ռուստամեան ընդգծեց, որ քոնկրեսը յայտնուած է շտկումներու, վերաշտկումներու, յետաձգումներու իրավիճակին մէջ, ինչ որ կը փաստէ յստակ քաղաքական գիծ չունենալու մասին:

Ըստ Ռուստամեանի, քաղաքական յստակ գիծի բացակայութեան փայլուն ապացոյցը վերջին պահանջն է: Ան համոզուած է, որ այդ ձեւով քոնկրեսը կը ցանկայ ընտրազանգուած մը ձեռք բերել, իսկ իբրեւ արդիւնք հակառակը դուրս կու գայ:

Ռուստամեան չցանկաց անդրադառնալ այն վարկածին, որ քոնկրեսի վերջին քայլով անոր խորհրդարան մտնելու առիթները պակսած են, ան միայն նշեց, որ իրեն համար տակաւին անհասկնալի կը մնայ այն ծրագիրը, որով Հայ ազգային քոնկրեսը իշխանափոխութիւն կը ցանկայ իրականացնել: «Քոնկրեսի պատկերացուցած իշխանափոխութիւնը մարդափոխութիւնն է, ինչ որ ինծի համար անհասկնալի է», նշեց Արմէն Ռուստամեան:

Անոր համար յստակ եւ հասկնալի է այն փաստը, որ քոնկրեսին եւ իշխանութեան միջեւ սկսած բանակցութիւններէն իշխանութիւնը ամէնէն շահեկան դիրքերով դուրս եկաւ:

 

Նախորդը

ԷՐՏՈՂԱՆ ԲՈՒՌՆ ԿԵՐՊՈՎ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՍԱՐՔՈԶԻՆ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՊԵԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ ԺՈՐԵՍ ԱԼՖԻՈՐՈՎԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.