Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆլեշմոպ Արամ Մանուկեանի Տան Դիմաց` Յանուն Պատմամշակութային Արժէքներու Պահպանութեան

January 31, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 յունուարին` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի մահուան օրը, Արամի 9 հասցէին վրայ գտնուող անոր կիսաքանդ տան առջեւ տեղի ունեցած է ֆլեշմոպ` մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Մնջախաղի թատրոնի ղեկավար Ժիրայր Դադասեանի գեղարուեստական մտայղացումով: Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռել Արամ Մանուկեանի տան ու պատմամշակութային այլ յուշարձաններու պահպանութեան հարցին վրայ` լուսարձակի տակ առնելով անոնց պահպանման եւ արժեւորման կարեւորութիւնը: Այս նախաձեռնութեան արձագանգած էին շատերը, բայց մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան ափսոսանքով նշած է, որ կ՛ակնկալէր, որ շատ աւելի մեծ թիւով երեւանցիներ մասնակից դառնային այս կարեւոր քայլին:

Տղաքն ու աղջիկները երգեցին, պարեցին, ներկայացուցին Արամ Մանուկեանի գործունէութիւնը եւ այն կարեւոր փաստերն ու դրուագները, որոնք կապուած են անոր տան հետ: Պահպանուող յուշարձաններու ցանկին մէջ ներառուած այս տան մէջ Արամ Մանուկեան բնակած է 1917-1919 թուականներուն:

Ֆլեշմոպը նկարահանուած է, որպէսզի տեսանիւթը տարածուի եւ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրուի Երեւանի պատմամշակութային յուշարձաններու եւ շինութիւններու պահպանութեան խնդիրին վրայ:

Նախարար Արմէն Ամիրեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յոյս յայտնած է, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ նպաստեն գաղափարի կայացման:

«Շէնքը ներառուած է «Հին Երեւան» նախագիծին մէջ, որուն իրագործումէն ետք, կը կարծեմ, այս շէնքը կը դառնայ այնպէս, ինչպէս եղած էր նախապէս: Կարծիքներ կան, որ որոշ սենեակներ կարելի է թանգարան դարձնել, բայց կը կարծեմ` կենդանի շէնքը աւելի մեծ թանգարան է, քան թանգարան-շէնքը… կարեւորը վերակառուցելն է եւ շէնքին վերադարձնել այն մթնոլորտը, որ ունեցած է Առաջին հանրապետութեան տարիներուն», նկատել տուած է Արմէն Ամիրեան: Ան վստահեցուցած է, որ շէնքը պիտի չքանդուի, չի կրնար քանդուիլ, քանի որ օրէնքով պահպանուած է:

Լրագրողներուն հետ զրուցած է նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, որ ներկայ էր նախաձեռնութեան: Ըստ անոր, պետութիւնը արմատական լուծում պէտք է գտնէ շէնքը թէկուզ ներկայ վիճակով պահպանելու համար, մինչեւ որ անիկա վերականգնուի: Ի վերջոյ ժողովուրդի մը ներկան ու ապագան կ՛որոշուի իր մեծերուն նկատմամբ վերաբերումով:

«Արամ Մանուկեան աւելի քան ոեւէ մէկը մեր անկախութեան, պետականութեան խորհրդանիշն է: Մենք այսօր Երեւանի մէջ Արամի գործին համարժէք ոչ մէկ յուշարձան ունինք, իսկ անոր տունն ալ այս վիճակին մէջ է: Ամբողջ հարցը այն է, որ խոստումը կայ, պայմանաւորուածութիւնը կայ, առնուազն բանաւոր եւ սեփականատիրոջ հետ, բայց տարիներ շարունակ գործը տեղէն չէ  շարժած եւ տարիներ շարունակ կը տեսնէք ինչ վիճակի մէջ յայտնուած է շէնքը», ըսած է Աղուան Վարդանեան:

 

Նախորդը

Ուաշինկթընի Եւ Նիւ Եորքի Մէջ Լափշինի Հարցով Բողոքի Ցոյց` Պիելոռուսիոյ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններուն Մօտ

Յաջորդը

Հայաստանի Կառավարութեան Կ՛առաջարկուի Սեփականաշնորհել 47 Պետական Կազմակերպութիւն

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները

February 14, 2026
Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Դատավճիռներու Վերաբերեալ Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը
Հայկական

Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Դատավճիռներու Վերաբերեալ Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը

February 14, 2026
Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.