
Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ ազգային կամ կրօնական հողի վրայ ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին Ազգային ժողովի 22 դեկտեմբերին ընդունած որոշումը Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ անվաւեր նկատելը: Այս մասին երէկ` 27 յունուարին, «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան: «Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը կը դատապարտենք, անիկա անհիմն է, համաձայն չենք այդ որոշումին: Գիտէինք, որ վտանգ կայ, հաւանական է, որ մերժէ, ինչպէս եղաւ 2012-ին, բայց լաւատես էինք», ըսած է ան:
Մուրատ Փափազեանի խօսքով, Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումը չի կրնար պատճառ դառնալ, որ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար ծաւալած պայքարը դադրեցնէ:
«Սահմանադրական խորհուրդը խնդիր տեսաւ եւ անվաւեր նկատեց օրէնքը, բայց ատիկա մեզի չի կրնար ստիպել, որ չպայքարինք: Մենք մեր պայքարը տարբեր ձեւերով պիտի շարունակենք, բայց նախ պէտք է հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս պիտի շարունակենք մեր պայքարը: Կարելի է ըսել, որ Թուրքիոյ քաղաքական ճնշումները ազդած կրնան ըլլալ Սահմանադրական դատարանին վրայ», ըսած է Փափազեան:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը նշած է, որ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծը ճանչնալու ուղղութեամբ հսկայական աշխատանք կատարած է եւ չի կարծեր, որ 26 յունուարին Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ նման որոշում տալը իրենց թերի աշխատանքին պատճառը կրնար ըլլալ:
«Ֆրանսայի հայ համայնքը արդէն աւելի քան 10 տարիէ ի վեր կ՛աշխատի այս օրինագիծի ընդունման համար, իսկ վերջին տարիներուն հսկայական աշխատանք կատարուած է, որովհետեւ նախագահ Հոլլանտ իր խոստումը կ՛ուզէր կատարել: Ֆրանսացի եւ մեր իրաւաբաններուն հետ այս օրէնքին վրայ լրջօրէն աշխատած ենք, որպէսզի այս օրէնքը անցնէր, սակայն, Սահմանադրական դատարանը նման որոշում տուաւ», ըսած է ան:


