
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Մնայուն խորհուրդը համաձայնութիւն գոյացուցած է «ՀԱՊԿ ընդհանուր քարտուղարի մասին» որոշումի նախագիծին շուրջ եւ զայն ուղարկած կառոյցի անդամ պետութիւններուն` վաւերացման համար:
«Ռուսարմինֆօ» կը հաղորդէ, որ նախագիծին համաձայն, ՀԱՊԿ-ի յաջորդ ընդհանուր քարտուղարը պիտի դառնայ Հայաստանի թեկնածուն:
«Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի մասին» որոշումի նախագիծին մէջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է այն երկրին վերաբերեալ, որու թեկնածուն պիտի դառնայ ՀԱՊԿ-ի յաջորդ ընդհանուր քարտուղարը: Ատիկա Հայաստանն է: Բացի ատկէ, որոշուած է, որ ՀԱՊԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարը պիտի ընտրուի երեք տարիով», աղբիւրին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է ՀԱՊԿ-ի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնեթտինով:
Ըստ անոր, որոշումի նախագիծը անդամ պետութիւններու նախագահներուն կողմէ պիտի քննարկուի կազմակերպութեան` ապրիլ 2017-ին տեղի ունենալիք վեհաժողովի ծիրին մէջ, եւ եթէ բոլորը հաւանութիւն տան նախագիծին` պիտի նշանակուի ՀԱՊԿ-ի նոր քարտուղար:
Զայնեթտինով նաեւ ընդգծած է, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին համար Հայաստանի թեկնածուին ո՛վ ըլլալուն մասին հարցումը պէտք է ուղղել հայկական կողմին:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ ՀԱՊԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարը պէտք էր ընտրուէր հոկտեմբեր 2016-ին` Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի ժամանակ, սակայն օրին այդ հարցը յետաձգուած էր Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի բացակայութեան պատճառով: Հարցի քննարկումը տեղի չէր ունեցած նաեւ 26 դեկտեմբեր 2016-ին` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ՀԱՊԿ-ի խորհուրդի նիստի ընթացքին` այս անգամ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի բացակայութեան պատճառով: Այժմ քննարկումը տեղափոխուած է ապրիլ 2017-ին տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի օրակարգ:


