Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատրիարքի Ընտրութեան Ուշացումը Պատրիարքարանի Բացթողումն Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յունուար 28, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսոյ հայկական Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Անգարայի նախագահական նստավայրին մէջ հանդիպումի ընթացքին Շիրինօղլու արծարծած է նաեւ Պոլսոյ հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցը:

Էրտողան շեշտած է, որ թրքական իշխանութիւնները արդէն 1863-ին ընդունուած Հայոց սահմանադրութեամբ փաստացիօրէն արտօնած են պատրիարքի անկախ ընտրութիւնը: Ան նշած է, որ ներկայիս ընտրութեան ուշացումը «պատրիարքարանի բացթողումն է»:

«Մենք կ՛ուզենք, որ ձեր սեփական կանոնները դուք մշակէք: Այո՛, ընտրութեան հետ կապուած ուշացում կայ, սակայն ատիկա ձեր կողմէ բխող ուշացում է: Գարնան սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէն հազիւ աւարտի` պիտի զբաղինք պատրիարքի ընտրութեան հարցով», յայտարարած է Էրտողան:

Շիրինօղլուի քայլը դրական արձագանգ չէ գտած Պոլսոյ հայ համայնքի զգալի մէկ հատուածին մօտ, որ նշած է, թէ Շիրինօղլու հայ համայնքին անունով յայտարարութիւններ կատարելու եւ պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ հանդիպումներ ունենալու հարցին մէջ իրաւասու անձ չէ:

Հոլովոյթին հետեւող փաստաբաններէն Սեպուհ Ասլանկիլ, իր կարգին մեկնաբանելով Շիրինօղլուի եւ Էրտողանի հանդիպումը, շեշտած է, որ պատրիարքի ընտրութիւնները Թուրքիոյ նախագահի հետաքրքրութեան շրջանակներէն դուրս են նաեւ օրէնքով:

 

 

Նախորդը

«Սի.Այ.Էյ.». «Ղարաբաղը Հայկական Կեդրոն Է»

Յաջորդը

Ֆրանսա Չի Քրէականացներ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը

RelatedPosts

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու  Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին
Հայկական

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ  Զինուորական Ծառայութեան  Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինուորական Ծառայութեան Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ  Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը
Հայկական

Ըստ Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?