Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սի.Այ.Էյ.». «Ղարաբաղը Հայկական Կեդրոն Է»

January 28, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Փանարմինիըն» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը գաղտնազերծած է շուրջ 13 միլիոն փաստաթուղթ, որոնց մէկ մասը կը վերաբերի հայերուն, Հայաստանին եւ սփիւռքին:

1 օգոստոս 1988-ին հրապարակուած «Խժդժութիւններ Կովկասի մէջ եւ ազգայնականութեան մարտահրաւէրը» զեկուցումին մէջ մանրամասն կերպով կը նկարագրուին Երեւանի, Պաքուի, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերը, ժողովրդագրական իրավիճակը, Սումկայիթի ջարդը, երկու հանրապետութիւններուն ու Մոսկուայի մէջ տիրող տրամադրութիւնները, անդրադարձ կատարուած է Մեծամօրի հիւլէական կայանին, «Նայիրիտ»-ի ու Քանաքեռի գործարանները փակելու պահանջներուն, աւելի կանուխ ժամանակաշրջանին հայ-ազրպէյճանական բախումներուն:

Նշուած է, որ շրջանի խորհրդայնացման պահուն Մոսկուան հակուած էր Ղարաբաղը միացնելու Հայաստանին, սակայն այնուհետեւ` Թուրքիոյ ճնշման ներքեւ, զայն յանձնեց Ազրպէյճանին:

«Թուրքիան չէր ուզեր սահմանին վրայ հայկական մեծ պետութիւն տեսնել», նշուած է նամակին մէջ:

1921 թուականին Լենինը համաձայն գտնուած է «փոքրացնել Հայաստանի տարածքը», իսկ 1923-ին Ստալինի որոշումով Նախիջեւանն ու Ղարաբաղը վերջնականապէս կը յանձնուին Ազրպէյճանին:

Հայերը կը վախնային, որ Ղարաբաղը կը կրկնէ Նախիջեւանի ճակատագիրը. զեկուցումին մէջ նշուած է, որ 1914-1979 թուականին հայկական բնակչութիւնը Նախիջեւանի մէջ 52 տոկոսէն մինչեւ 1,4 տոկոսի նուազած է:

Երբ 1988 թուականի փետրուարին ճգնաժամը թափ առաւ, թուրք պաշտօնեաները յայտարարեցին, որ «ձայնի իրաւունք» ունին հայ-ազրպէյճանական տարածքային վէճերու հարցին մէջ` յղում կատարելով 1921 թուականի Մոսկուայի ու Կարսի պայմանագիրներուն: Նշուած է, որ թուրքերը կը վախնային, որ Ղարաբաղի միացումը կրնար մեծցնել հայերուն «ախորժակը» եւ դրդել զանոնք` Թուրքիոյ տարածքային պահանջներ ներկայացնելու: Այնուամենայնիւ, Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան մասնագէտներուն համաձայն, Թուրքիան վերջաւորութեան էական դեր չէր խաղար 1988-ի տագնապին մէջ:

Ղարաբաղը կը նկարագրուի իբրեւ «հայկական մշակութային եւ կրօնական կեդրոն»: Զեկուցումին հեղինակները կը յիշեցնեն, որ շրջանը դարեր շարունակ կը գտնուէր հայկական իշխանութեան տակ, նոյնիսկ այն ատեն, երբ հայկական մնացեալ տարածքները Թուրքիոյ ու Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ էին: Միաժամանակ նշուած է, որ անիկա բազմաթիւ ազրպէյճանցի երգահաններու ու գրողներու հայրենիքն է:

Հայերուն նկատմամբ ազրպէյճանցիներուն թշնամական վերաբերմունքը կը շեշտուի Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ տնտեսական զարգացման տարբերութեան աճին զուգահեռ: Իբրեւ թշնամանքի մէկ այլ պատճառ զեկուցումին հեղինակները կը նշեն, որ Ազրպէյճանի մէջ բարձր ծնելիութիւն կար, սակայն երիտասարդները ընդունելի աշխատանք ու ապրուստ չէին կրնար ապահովել:

Կեանքէն հիասթափութիւնը պատճառ կը դառնար հայերուն նկատմամբ թշնամութեան յաւելման:

Նշուած է նաեւ, որ 1980-ականներու աւարտին Մոսկուայի մէջ ազրպէյճանցիներուն իշխանութիւնը կը նուազի, անոնք կը զրկուին բարձր պաշտօններէ, հայերուն կշիռը կ՛աւելնայ բարձրագոյն ղեկավարութեան մէջ, ինչ որ ազրպէյճանցիներուն մօտ մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ:

 

Նախորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում. Հրանդ Մարգարեան. «Ազգային Ժողովի Յառաջիկայ Ընտրութիւնները Ունին Համահայկական Նշանակութիւն»

Յաջորդը

«Պատրիարքի Ընտրութեան Ուշացումը Պատրիարքարանի Բացթողումն Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.