Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԳԱՐԱ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԵՐՈՒ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՎԿԱՅՈՂ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ՄԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ

October 11, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անգարայի հրապարակած փաստաթուղթը

Թրքական պատմական ընկերութեան կից գործող Հայկական հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն Քեմալ Չիչեք հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու ազգային արխիւէն քաղուած փաստաթուղթ մը, որ կը վկայէ, թէ 1920-ական թուականներուն ֆրանսացի զինուորներ հայերու դէմ բռնարարքներ գործած են:

Փաստաթուղթը, զոր Չիչեք թրքական «Հապերթուրք» օրաթերթին մէջ հրապարակած է, Կիլիկիոյ հայերու բողոքի նամակն է` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին: Նամակը Ամերիկայի Հայաստանի անկախութեան ազգային կոմիտէի նախագահ Արշակ Մահտեսեանին ուղարկած է իզմիրցի քահանայ Մուշեղ Սերոբեան, որ բողոքած է Ատանայի մէջ Ֆրանսայի կիրարկած հակահայ քաղաքականութեան դէմ:

4 հոկտեմբեր 1920 թուակիր նամակին մէջ, զոր Մահտեսեան կցած է իր զեկուցումին եւ ուղարկած նախագահ Ուիլսընի, կը նշուի, որ «թուրքերուն կողմէ Սեւրի դաշնագիրի ստորագրումէն ետք ֆրանսական բանակը սկսած է հայերու դէմ բռնութիւններ կատարել: Պայմաններ կը ստեղծուին Հայ ազգային կոմիտէի գործունէութիւնը խոչընդոտելու: Ատանայի մէջ թուրք բնակչութեան աճը ապահովելու նպատակով աքսորուած է հարիւր հազար հայ: Իսկ հայկական ճամբարներուն մէջ 14 հազար հայերու դէմ ճնշումներ կը գործադրուին` անոնց ստիպելով նոյնպէս հեռանալ: Իսկ երբ հայերը կը մերժեն, ֆրանսացի զինուորները անոնց զէնքով կը սպառնան: Սակայն Հայ ազգային կոմիտէի միջամտութեամբ կանխարգիլուեցան ֆրանսացիներու կողմէ հայերու կոտորածները»:

Մեկնաբանելով Մահտեսեանի կողմէ Ուիլսընին ուղարկուած զեկուցումը` Չիչեք ըսած է. «Զեկուցումին մէջ կը յիշեցուի այն փաստը, որ ժամանակին հայերը ֆրանսացիներուն հետ միասին պայքարած են Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի զինուորներուն դէմ: Կը նշուի, որ ֆրանսացիները Կիլիկիա եկած էին Հայկական թագաւորութիւն հիմնելու համար: Սակայն կարճ ժամանակ ետք, ֆրանսացի զինուորները զէնքը ուղղեցին հայերուն դէմ: Ֆրանսացի զինուորները հրետանիի, հեծելազօրքի եւ ծանր զէնքերու ուղեկցութեամբ հայերուն պարտադրած են վար դնել իրենց զէնքերը եւ հեռանալ:

«Այս երկու էջնոց փաստաթուղթը վառ ապացոյցն է այն բանի, թէ ինչպէ՛ս հայերը ժամանակին բողոքած են ֆրանսացիներուն դէմ: Ֆրանսան պատմութեան ընթացքին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր շահերուն համար օգտագործած է հայերը: Իսկ այսօրուան վիճակը անցեալէն ոչինչով կը տարբերի», ըսած է թուրք փրոֆեսէօրը:

 

 

Նախորդը

«ԱՄԷՆԷՆ ՎԵՐՋ ՊԷՏՔ Է ՍԱՀՄԱՆԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ» Կ՛ԸՍԷ ԿՈՐԱՆ ԼԵՆՄԱՐՔԸՐ

Յաջորդը

«ՍԱՐՔՈԶԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ ԴՐԱՒ ԹՈՒՐՔԻԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.