Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԱՐՔՈԶԻ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՈՐԵՒԷ ՁԵՒՈՎ ՉԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇՈՒՐՋ ԱԼԻԵՒԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

October 11, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սարքոզի եւ Ալիեւ

Ազրպէյճանական «Էյ.Էն.Էս.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Ազրպէյճանի մէջ բացարձակապէս չէ խօսած ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մասին: Ան մամլոյ համար որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարած, սակայն խօսք մը արտասանած է Ազրպէյճանի Առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի պարգեւատրման եւ ֆրանսական դպրոցի մը հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին:

Ազրպէյճանական լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ «հակառակ այն բանին, որ Նիքոլա Սարքոզիէն առաջ խօսեցաւ Իլհամ Ալիեւ, որուն ելոյթին մեծ մասը նուիրուած էր ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին, այսուհանդերձ որքան ալ տարօրինակ է, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր հանդիսացող Ֆրանսայի նախագահը իր ելոյթներուն մէջ բառ մը իսկ չըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին մասին»:

Ըստ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Ալիեւ իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ «Ֆրանսա` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունի ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ»` նշելով, որ պէտք է վերջ դնել Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ գոյութիւն ունեցող սթաթիւս քոյին:

«Ինչպէս դուք նշեցիք, պէտք է վերջ դնել սթաթիւս քոյին: Կը կարծեմ, որ սթաթիւս քոյի փոփոխութեան համար գոյութիւն ունին լաւ կարելիութիւններ: Ազրպէյճան բոլորէն շատ կ՛ուզէ ատիկա, որովհետեւ անոնք հայկական բռնագրաւումի տակ գտնուող մեր հողերն են: Միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, ԵԱՀԿ-ը, Եւրոպական խորհրդարանը, Եւրոպական խորհուրդը տուած են իրենց որոշումը: Այսինքն` խնդիրի լուծման համար կայ իրաւական հիմք: Վստահ եմ` յառաջիկային պիտի իրականացուին աւելի լուրջ քայլեր, տագնապը պիտի լուծուի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ պիտի հաստատուի խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Նախորդը

«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԸԼԼԱՅ ՎԵՑ ՏԱՐՐԵՐՈՒ ՎՐԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՊՐԱՏՔԷ

Յաջորդը

ԸՍՏ ԴԱՒԻԹ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.