Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ

October 11, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միքաթի կը նախագահէ նախարարական յանձնախումբի նիստին մէ:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապրուստի իրավիճակը քննարկող նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն գոյացուցած համաձայնութիւնը պիտի քննարկուի այսօր վարչապետարանին մէջ տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստին ընթացքին:

Նիստին ներկայ գտնուեցան առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ եւ Վերաշինութեան ու բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր: Նիստէն բացակայեցան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ընկերային հարցերով պէտք է զբաղիլ սերտուած կերպով եւ հետեւողականութեամբ:

Միքաթի ակնարկեց նաեւ կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է մշակել ընկերային ռազմավարութիւն մը, յատկապէս աշխատավարձերու յաւելումով, բուժման ծառայութիւնը բարելաւելով, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելով, որ աշխատավարձի յաւելումին պատճառով անարդարօրէն գործէ արձակում կամ անգործութիւն չարձանագրուի երկրին մէջ:

Այս առումով նախարար Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լաւապէս սերտել այդ թղթածրարը, որպէսզի ոչ ոքի նկատմամբ անարդարութիւն արձանագրուի:

Նախարար Ալի Հասան Խալիլ նիստէն ետք յայտնեց, որ ինք նիստին ընթացքին ներկայացուցած է լիբանանցիներուն ընդհանուր բուժման վերաբերող ընդհանուր ծրագիր մը, որուն մէջ կը ներառուին նաեւ բոլոր այն լիբանանցիները, որոնք ընկերային ապահովագրութիւն չունին:

Ըստ Հասան Խալիլի, երկու միլիոն լիբանանցիներ ընկերային ապահովագրութիւն չունին:

Միւս կողմէ, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն հանդիպում մը ունեցաւ տնտեսական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Նիստէն ետք Ղոսըն յայտնեց, որ համադաշնակցութեան յայտարարած չորեքշաբթի օրուան գործադուլը ցարդ կը մնայ ի զօրու: Ան շեշտեց, որ համադաշնակցութիւնը պիտի ձեռնարկէ մագլցողական քայլերու, եթէ կարելի չըլլայ գոհացուցիչ արդիւնքներու յանգիլ:

Գործադուլին ծիրին մէջ ապահովական աղբիւրներ «Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան ձեռնարկելիք շարժումը քաղաքականացած շարժում չէ:

Նշենք, որ վառելանիւթի կայաններուն սեփականատէրերը շեշտեցին իրենց յանձնառութիւնը` գործադուլին մասնակցելու:

Նոյն առումով դրամատուներու, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան պաշտօնեաներու սենտիքան զօրակցութիւն յայտնեց մասնակցելու գործադուլին` նեցուկ կանգնելով Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան պահանջներուն:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԸԼԼԱՅ ՎԵՑ ՏԱՐՐԵՐՈՒ ՎՐԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՊՐԱՏՔԷ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.