Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

October 11, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ ինք կը մերժէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը, նոյնիսկ եթէ Հըզպալլա համաձայն գտնուի անոր: Ան դիտել տուաւ, որ ինք այդ ատեանին ֆինանսաւորումը մերժելով արդարութեան դէմ գործած չ՛ըլլար:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ Դամասկոսի մէջ քննարկած է լիբանանեան-սուրիական սահմաններուն վրայ արձանագրուող մաքսանենգումի դէպքերը հակակշռելու քայլերը: Քննարկումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ սահմանային ապօրինի անցքերը փակելու անհրաժեշտութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Լիբանան մեծ փորձանքի պիտի ենթարկուի, եթէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրաժարին Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած  յանձնառութենէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ Ժսըր յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պայթումի ենթակայ է, եթէ ան դրական լուծում մը չգտնէ` Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման առումով:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հարցով Հըզպալլա եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անպայման ընդհարումի դէմ յանդիման պիտի գտնուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ սուրիական բանակին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործուած են` նկատել տալով միաժամանակ, որ այս մասին կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած անտեսումը ազգային դասալքութիւն կը նկատուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի կոչ ուղղեց պետութեան  աշխատաւորներուն շնորհելու անոնց իրաւունքները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամմար Հուրի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պէտք է իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ, «այլապէս ան ստիպուած պիտի ըլլայ դիմագրաւել միջազգային ընտանիքին վտանգները», աւելցուց Հուրի:

ՊԸՏՏԱՈՒԻ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ նախանցեալ գիշեր ծայր առին բախումներ, որոնք աւելի ուշ ստացան զինեալ բնոյթ եւ պատճառ դարձան, որ պաղեստինցի գաղթականներ փախուստ տան իրենց բնակարաններէն: Ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, որ բախումը ունէր անձնական բնոյթ` աւելցնելով, որ կրցած են ձերբակալել բախումները հրահրող երկու յանցագործներ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ իրենք կ՛ուսումնասիրեն երկրին մէջ տիրող անբնական սղաճը` ընդգծելով, որ պետութիւնը մեծ դժուարութիւն ունի շուկայի սակերը քննելու առումով:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, դիւանագիտական պատուիրակութիւն մը կը պատրաստուի մեկնիլ Նիկոսիա` Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ծովային սահմանագծում կատարելու համար:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն յաւելուած արժէքի տուրքի որեւէ յաւելում:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանձախնդիր է Սուրիոյ նկատմամբ` ժողովրդային եւ պետական մակարդակներու վրայ:

 

 

 

Նախորդը

ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՆ ՀՕՄ-Ի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 70-ՐԴ ԺՈՂՈՎԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԻՏԻ ԶՕՐԱԿՑԻ ՍՈՒՐԻՈՅ` ԶԱՅՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ՈՐԵՒԷ ԱՅԼ ՈՐՈՇՈՒՄԻ ԴԷՄ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՄԱՆՍՈՒՐ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.