Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԻՍԼԱՄ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԿՐՕՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՓԻՐՈՅԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԷ

October 11, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ազհարի շէյխը` Ահմետ Թայիպ կեդրոնական Գահիրէի մէջ եգիպտական բանակի, ոստիկանութեան եւ ղպտիներու միջեւ 36 զոհ եւ 327 վիրաւոր պատճառած բախումներէն ետք Եգիպտոսի իսլամ եւ քրիստոնեայ բարձրաստիճան կրօնաւորները հրաւիրեց անմիջական խորհրդակցութեանց: Ազհարի իմամը ժողովը հրաւիրեց «տագնապը վերահսկողութեան ենթարկելու նպատակով», եւ ղպտիներու Շնոտա Գ. պապին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ:

Նշենք, որ սալաֆական շարժումէն աղբիւր մը գերմանական «Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան ճամբով հերքեց բանակին եւ ղպտիներուն միջեւ բախումներուն շարժումին մասնակցութիւնը: Իսլամ եղբայրները ղպտիներուն կոչ ուղղեցին համբերելու եւ իրենց արդար պահանջները ներկայացնելու ընտրուած կառավարութեան, իսկ Իսլամ եղբայրներու ղեկավարներէն Մանալ Ապուլ Հուսն իտալական «Աքի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Շնոտա Գ. պապէն պահանջեց Մասփիրոյի դէպքերուն համար պաշտօնապէս ներում հայցել: Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթըն յայտնեց, որ Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդը պէտք է պաշտպանէ քաղաքացիները` ինչ ալ ըլլայ անոնց կրօնը: Եւրոպական երկիրներու շարք մը ղեկավարներ իրենց կարգին մտահոգութիւն յայտնեցին Եգիպտոսի մէջ արձանագրուած արիւնալի դէպքերուն համար:

Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդը հաստատեց, որ յանձնառու կը մնայ իշխանութիւնը քաղաքայիններուն փոխանցելու ճամբու քարտէսին, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդին ցուցմունք տուաւ Մասփիրոյի դէպքերու հետաքննութեան յանձնախումբ մը կազմելու: Կառավարութիւնը իր նիստերը բաց յայտարարեց, իսկ վարչապետ Իսամ Շարաֆ տեղի ունեցածը նկատեց պետութիւնը տապալելու ծրագիր մը եւ ոչ թէ իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ բախումներ:

Ամերիկեան «Ռատիօ Սաուա» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ հերքեցին իրենց արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի վերագրուած այն յայտարարութիւնը, թէ Կեդրոնական Գահիրէի մէջ եգիպտական բանակի, ոստիկանութեան եւ ղպտիներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներէն ետք Ուաշինկթըն առաջարկած է Եգիպտոսի կենսական կառոյցները պաշտպանելու համար ամերիկեան ուժեր ուղարկել:

Ամերիկեան աղբիւր մը կայանին յայտնած է, որ «ամերիկեան վարչակազմէն ոեւէ պաշտօնատարի կողմէ Մասփիրոյի դէպքերուն վերաբերեալ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չկատարուեցաւ»` աւելցնելով, որ «Ուաշինկթընի կողմէ ղպտիներու աղօթատեղիներու եւ Եգիպտոսի մէջ կենսական շրջաններու պաշտպանութեան համար ապահովութիւնը երաշխաւորելու Ուաշինկթընի առաջարկին մասին տարաձայնութիւնները սխալ են եւ բացարձակապէս իրականութեան չեն համապատասխաներ»:

Եգիպտական լրատուամիջոցներ շրջանառութեան մէջ դրած էին Քլինթընի վերագրուած յայտարարութիւն մը, ըստ որուն, «Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են Եգիպտոսի մէջ աղօթատեղիներու ու կենսական շրջաններու պաշտպանութեան օժանդակելու համար ուժեր ուղարկելու»:

Եգիպտոսի ղպտիները Ասուանի (ուր կառուցման արտօնագիր չունեցող եկեղեցի մը քանդուած էր) նահանգապետի հրաժարականը եւ եկեղեցիներու դէմ յարձակումներու պատասխանատուներուն հաշուետուութեան կանչուիլը կը պահանջեն:

 

 

 

Նախորդը

«ԵՒՐՈՅԻ ԳՕՏԻԻՆ ԱՂԷՏԸ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՔԱՆԻ ՄԸ ՇԱԲԱԹ ՄՆԱՑԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ՔԱՄԵՐՈՆ

Յաջորդը

«ԼԻՊԻԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ՈՃԻ ՊԷՏՔ ՉԷ ՎԵՐԱԾՈՒԻ» ԸՍԱՒ ԼԱՒՐՈՎ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.