Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1967)

Յունուար 23, 2017
| Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նժարէ Նժար

 «Կը Վկայե՞ս, Թէ…»

Հայաստանի Գրողներու հինգերորդ համագումարին արտասանած Գէորգ Էմինի ճառին մասին որոշ գաղափար մը ունիք: Տեղեակ էք նաեւ անոր մկրատուած բաժնին: Մկրատուած բաժնին մէջ բանաստեղծը կատարած է սա ախտաճանաչումը:

«Գովք կայ, որ վնասում է մեր անուանի մարդկանց աւելի՛, քան` ցանկացած հայհոյանքը, եւ մենք երբեմն այդպէ՛ս, այդ չտես ու տափակ ձեւով ենք գովում մեր հիանալի նկարիչներին, երաժշտներին ու գիտնականներին` անյարմար ու ծիծաղելի վիճակի մէջ դնելով դրանց»:

Չափազանցութիւն է, ի հարկէ, որ ծիծաղելի վիճակի մը մէջ կը դնէ գովաբանեալը, եթէ, անշուշտ, այս վերջինը դատարկ մէկը չէ եւ գովքին պապակով չի տոչորիր: Օժտուածները գովք չեն փնտռեր, գո՛րծ կ՛ընեն: Գովքը անբնականոն մարդոց երազն է, անբնական պայմաններու ծնունդն է: Ատեն մը մեր երկիրը այդ անբնականոն պայմանները աւելի շեշտուած կերպով կ՛ապրէր, գովքը հեղեղային համեմատութիւններու հասած էր մեր երկրին մէջ: Աղբիւրը գիտէինք: Հետեւանքը կրեցինք: Գովքի մրցավազքը բոլորովին դադրած կը թուի հիմա. «Դադարել եմ ես վաղուց գրել գովքեր ու ներբող»:

Էմինի ախտաճանաչումը տարբեր շարժառիթ մը ունի: Կը հասկցուի, որ չափի զգացումէն զուրկ մարդեր կան, որոնք իրենց չափազանցեալ զեղումներով ծիծաղելի կացութեան մը մէջ կը դնեն արժանաւորները:

Պարագան տարբեր չէ նաեւ աշխարհի այս մասին մէջ: Անհակակշիռ արտայայտութիւններու կարելի է ամէն օր հանդիպիլ մեր մամուլին մէջ, բեմերու վրայ, այլուր: Էմինի վերի մատնանշումը մեզի յիշեցուց վերջերս Եգիպտոսի «Արեւ» օրաթերթին մէջ երեւցած պերճախօս նմուշ մը.

«Արեւ»-ի մէջ Մկրտիչ Անդրանիկ (Աղեքսանդրիայէն) անունով մէկը բաց նամակ մը ուղղած է «Անբախտ բախտաւոր» Մահարիին: Նամակագիրը յայտնապէս հիացում ունի Մահարիին հանդէպ: Ո՛չ միայն Մահարիին: Կարդանք.

«Ո՜վ անբախտ բախտաւոր, լուսաթով Գուրգէն Մահարի. վերջացնելով գիրս` կը վկայեմ, թէ դուք այժմու հայ գրականութեան հինգ արեւներէն, հանճարներէն մին էք. Յովհ. Շիրազ, Գ. Մահարի, Պ. Սեւակ, Ս. Կապուտիկեան եւ Ժագ Յակոբեան»:

Հանճարները մերժող չենք: Ընդհակառակն, գիշեր ու զօր ու անձկութեամբ կը սպասենք հանճարներու յայտնութեան: Միւս կողմէ` ուրախ ենք, որ մարդիկ հիացում ունին մեր գրողներուն հանդէպ: Բայց պէտք է պահել չափի զգացումը: Հիացումը բան մըն է, բայց օժտուածին, տաղանդաւորին ու հանճարեղին զանազանութիւնը ընող գիտութիւնը նուազ կարեւոր չէ: Հարկ է նաեւ ատիկա սորվեցնել մեր տղոց: Ու եթէ դպրոցին մէջ պատեհութիւն չէ ունեցած ճանչնալու այդ գիտութիւնը, ընթերցումներն ու փորձառութիւնը վստահելի չափանիշ մը չեն հայթայթած իրեն, մամուլին կը մնայ, խմբագիրին կը մնայ չափ դնել իր յօդուածագիրներուն ու նամակագիրներուն զեղումներուն, որովհետեւ`

«Գովք կայ, որ վնասում է մեր անուանի մարդկանց աւելի՛, քան` ցանկացած հայհոյանքը:

XX

 

Նոր Սիսի Սուրբ Սարգիս
Եկեղեցւոյ Տօնակատարութիւնը

Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնին առիթով, այս տարի եւս, երէկ` կիրակի, 22 յունուար 1967, մեծ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուան տօնակատարութիւնը:

Եկեղեցւոյ մուտքի փողոցին վրայ լիբանանեան ազգային դրօշներով զարդարուած յաղթական կամար մը կանգնեցուած էր:

Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, առաւելաբար սիսեցի հայրենակիցներ, լեցուցած էին եկեղեցին ու բակը:

Կարգապահութեան կը հսկէին Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու արենուշները:

Արարողութեանց նախագահեց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Սրբազան հայրը իր ժամանումին արժանացաւ ժողովուրդին խանդավառ ընդունելութեան: Ոչխար մը զենուեցաւ յաղթական կամարին տակ:

Պատարագեց եւ ազգայնաշունչ ու խորիմաստ բովանդակութեամբ քարոզեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս:

Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` սիսեցի հին ու նոր ննջեցեալներու հոգւոյն համար:

Արարողութիւններէն ետք սրբազան հայրերը թափօրով առաջնորդուեցան հերիսայի կաթսաներուն մօտ, ուր տեղի ունեցաւ, շաբաթ իրիկուընէ սկսեալ, աւանդական սովորութեամբ պատրաստուած հերիսայի օրհնութիւն եւ ապա բաշխում:

 

Աթլեթիզմ

Սոֆիա Յակոբեանի Մարզիկներուն
Փայլուն Յաջողութիւնը

Շաբաթ օր մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցան լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու քրոս-քաունթրի մրցումները, Ատոնիսի ծառաստաններուն մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի: Կը մասնակցէին 9 վարժարաններ, 182 երկսեռ աշակերտներով:

Կրտսերներու բաժնին մէջ 2000 մեթր մրցումը շահեցաւ Աւետիս Տեմիրճեան, երկրորդ` Վազգէն Գալայճեան: Երկուքն ալ` Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն:

Աղջիկներու բաժնին մէջ (300 մեթր) առաջին հանդիսացաւ Ովսաննա Մազմանեան, երկրորդ` Ալիս Թաշճեան: Երկուքն ալ Սոֆիա Յակոբեանէն:

Երէցներու բաժնին մէջ (4000 մեթր) առաջին հանդիսացաւ Յակոբ Փափազեան, երկրորդ` Գէորգ Նազարեան: Առաջինը Սոֆիա Յակոբեանէն, երկրորդը` Էշրեֆիէի Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն:

Բոլոր բաժիններուն մէջ խմբական առաջնութիւնը շահեցաւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Չեմ Հաւատար, Որ Այրեցին Կաղանդ Պապաս

RelatedPosts

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 18, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 17, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?