Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ահագնացող Աւանդ

January 19, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

apo-oreorin1ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինք տասը տարի առաջ զոհ գնաց օրէ օր աւելի հիմնաւոր փաստերով ապացուցուող պետական ահաբեկչութեան:

Տինքի սպանութիւնը ցնցեց ամբողջ Թուրքիան, եւ այդ ցնցումին ուժգնութիւնը հնարաւոր դարձուց սկզբնական շրջանին, ի հեճուկս թրքական ցեղապաշտ կառավարութեան, թուրք յառաջադէմ մտաւորականութեան նախաձեռնութեամբ լայնօրէն իրազեկել թուրք հանրային կարծիքը Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Այս տասը տարիներուն ընթացքին էր, որ բռնի իսլամացած բազմաթիւ հայեր համարձակեցան վերադառնալ իրենց արմատներուն, եւ ընդհանրապէս բռնի իսլամացողներու ճակատագիրը դարձաւ լայն քննարկումի առարկայ` ճամբայ բանալով շատ ու շատ ուրիշներու, որոնք ուշ կամ կանուխ պիտի գտնեն իրենց իսկական ինքնութիւնը:

Տինքի աւանդը ա՛յս շարժումն էր, որուն մէջ ներգրաւուեցան Թուրքիա ծնած քաջարի հայորդիներ. «Նոր Զարթօնք»-ի երիտասարդները յանդուգն ձեռնարկներով պայքարեցան յանուն իրենց մարդկային իրաւունքներուն: Հրապարակ իջան Կարօ Փայլանի նման քաղաքական գործիչներ, որոնք այսօր իսկական կրողներն են Տինքի արժէքային համակարգին…

Այս աւանդը օրէ օր կ՛ահագնանայ, հակառակ այն իրողութեան որ սկզբնական շրջանին կաթուածահար թուացած թրքական պետական ճնշման գործիքները, Էրտողանի բացայայտ բռնատիրական վարքագիծով ղեկավարուելով` սկսած են աւելի ու աւելի սեղմելու օղակները, ճնշիչ մթնոլորտ ստեղծելով եւ ազատութեան ու մարդկային իրաւունքներու մասին ձայն հանողները հալածանքի ու բանտարկութեան դատապարտելով: Այսուհանդերձ, Տինքի աւանդին տիրութիւն ընողներու յանձնառութեան ոգին, անոնց արիութիւնը, ամէնէն ճնշող միջավայրին մէջ իսկ գործելու անոնց պատրաստակամութիւնը կը թելադրեն, որ փոթորկոտ շրջան մը կը սպասէ իրենց:

Մե՛նք ալ Տինքի աւանդին տիրութիւն ընելու պարտաւորութեան մեր բաժինը պէտք է վերցնենք` գործնապէս զօրակցելով հողին վրայ այդ աւանդի դրօշակակիրներուն:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններին Առնչուող Խնդիրների Արծարծումը «Ակօս» Շաբաթաթերթի Էջերում Հրանդ Տինքի Խմբագրապետութեան Տարիներին (1996-2007 Թթ.)

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.