
13 յունուարին Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է քննարկում` Շաքիի ջրվէժի եւ «Շաքի ՓՀԷԿ»-ի (փոքր ջրելեկտրակայան) խնդիրի լուծման վերաբերեալ, զոր վարած է բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանը:
Նախարարութեան լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, քննարկման մասնակցած են Հայաստանի բնապահպանութեան, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւններու համապատասխան ստորաբաժանումներու պատասխանատուներ, Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի անդամներ, Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի պաշտօնակատարը, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, «Շաքի ՓՀԷԿ»-ի համասեփականատէր Աղասի Յակոբջանեան:
Տարիներ շարունակ Շաքիի ջրվէժի եւ «Յակոբջանեան եւ Գալստեան» ընկերութեան պատկանող ջրելեկտրակայանի խնդրայարոյց հարցը կը մնայ անլոյծ, եւ հերթական քննարկման նպատակն էր գտնել այնպիսի լուծում մը, որ ե՛ւ բնապահպանական, ե՛ւ տնտեսական առումով յաջողած նկատուի:
Ներկայացնելով Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան վերահսկողութեան տակ իրականացուած նախաձեռնութիւնները` բնապահպանական պետական տեսչութեան պետ Յակոբ Գալստեան անդրադարձած է «Յակոբջանեանի եւ Գալստեանի ՀԷԿ» ընկերութեան մէջ 31 հոկտեմբեր 2016-ին կատարուած ստուգումներու արդիւնքներուն, որոնց համաձայն բացայայտուած է, որ մայիս 2015-ին ընկերութեան տրուած է ջուր օգտագործելու թոյլտուութիւն` 1500 լ/վրկ. ջրելեկտրակայանի կողմէ շահագործման համար, եւ այս քանակութեան օգտագործման պարագային արդէն իսկ չի պահպանուիր ջրվէժի համար անհրաժեշտ ջուրի բացթողումը (200 լ/վրկ.): Ստուգումով յանձնարարուած է ընկերութեան` դիմել բնապահպանութեան նախարարութիւն, որպէսզի իրեն տրուած ջուրի օգտագործման թոյլտուութեան պայմանները վերատեսութեան ենթարկուին:
«Շաքի ՓՀԷԿ»-ի համասեփականատէր Աղասի Յակոբջանեան ներկայացուցած է ընկերութեան կատարած աշխատանքը, ներդրումային ծրագիրները, որոնց երկրորդ փուլը ընթացքի մէջ է: «Պատրաստակամ եմ անվերապահօրէն կատարելու այն որոշումը, որ այսօր կը տրուի», ըսած է Աղասի Յակոբջանեան:
Բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ որոշումը հաւասարակշռուած պէտք է ըլլայ` թէ՛ բնապահպանական եւ թէ՛ տնտեսական առումով եւ առաջարկած է քննարկման նիւթ դարձնել ջուրի օգտագործման թոյլտուութեան այնպիսի դրութիւն, որ օրուան ցերեկային ժամերուն կարելիութիւն պիտի տայ ջրահոսքը ամբողջութեամբ ուղղել դէպի ջրվէժ, իսկ գիշերը` դէպի փոքր ջրելեկտրակայան:
Առաջարկը արժանացած է նաեւ «Շաքի ՓՀԷԿ»-ի համասեփականատիրոջ համաձայնութեան: Արծուիկ Մինասեան յանձնարարած է ամէնէն մօտիկ ապագային պատրաստել եւ հաստատել ելեկտրակայանի ցերեկային եւ գիշերային ժամերու աշխատանքներու կառավարման նախագիծը:


