Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Կառավարութեան Ռազմավարական Նախաձեռնութիւններու Կեդրոնի Պաշտօնական Բացում

Յունուար 13, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

getron_11217

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 12 յունուարին մասնակցած է Հայաստանի կառավարութեան Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութեան:

Ողջունելով ներկաները եւ կարեւոր նկատելով Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնի ստեղծումը` վարչապետ Կարապետեան նշած է, որ կեդրոնի գաղափարը այն առանցքային թիրախներէն մէկն է, որ ներգրաւուած էր կառավարութեան ծրագիրին մէջ: Իր գործունէութեամբ անիկա պէտք է ճշդէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման երկարաժամկէտ ռազմավարութիւնը: Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ կեդրոնը հիմնուած է հանրութիւն- մասնաւոր հատուած գործընկերութեան սկզբունքով եւ պիտի ըլլայ այն հարթակը, ուր կարելի պիտի ըլլայ մասնաւոր հատուածին մասնակցութեամբ խօսիլ բարեփոխումներուն, ռազմավարութիւններուն մասին: Վարչապետը ընդգծած է նաեւ, որ այս կեդրոնին մէջ պիտի ճշդուին տնտեսութեան զարգացման ծրագիրները, պիտի սերտուի եւ կազմուի այն շրջագիծը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է զարգանայ Հայաստանը:

«Պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեամբ մենք կ՛ակնկալենք հասկնալ, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի ե՛ւ տնտեսութեան աճ ունենանք, ե՛ւ ներդրողներու ներգրաւում, ե՛ւ երկարաժամկէտ զարգացում, ե՛ւ մեր կարողականութեան արդիւնաւէտ օգտագործում: Հոգաբարձուներու խորհուրդին մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչները աւելի շատ են, քան պետական հատուածինը, եւ մենք կ՛ակնկալենք ու շատ ուրախ կ՛ըլլանք, եթէ սփիւռքի, արտերկրի լաւագոյն մասնագէտները, անոնք, որոնք անտարբեր չեն եւ կ՛ուզեն մասնակցիլ կեդրոնի աշխատանքներուն, ներգրաւուին այս հարթակին մէջ», ըսած է գործադիրի ղեկավարը: Կարէն Կարապետեան նաեւ նշած է, որ կեդրոնին մէջ գործելու կոչուած խումբը արհեստավարժ է: «Այս կեդրոնին ղեկավարը պիտի ըլլայ իմ խորհրդական Ալեքսանտր Խաչատուրեանը, եւ ես շատ մեծ յոյսեր ունիմ այս խումբին հետ: Մենք բաց ենք կառուցողական համագործակցութեան համար», ըսած է վարչապետը եւ կեդրոնին մաղթած բարի երթ, յաջողութիւններ, յաւակնոտ ծրագիրներ:

Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնի գործադիր տնօրէն, վարչապետի խորհրդական Ալեքսանտր Խաչատուրեան նշած է, որ կեդրոնէն կան մեծ ակնկալութիւններ, ուստի առաւելագոյն աշխատանքը պիտի տարուի, որպէսզի կեդրոնին վստահուած գործառոյթները պատշաճ կերպով գործադրուին. «Կան մարտահրաւէրներ, որոնց լուծումը կը պահանջէ ստեղծագործ միտքի եւ պատասխանատուութեան համադրում, իսկ որոշ մարտահրաւէրներու լուծումը երկարաժամկէտ եւ մեծ աշխատանք չի պահանջեր: Ընդամէնը պէտք է ըլլալ  համակարգուած, կազմակերպուած եւ ընթանալ յառաջ: Կան խնդիրներ, որոնք աւելի մեծ հետազօտութիւն եւ նախապատրաստում կը պահանջեն: Համոզուած եմ, որ կեդրոնին մէջ աշխատող խումբը եւ մեր գործընկերները, որոնցմէ շատերը այսօր այստեղ են, միասին պիտի կարենանք ստանալ մեր աշխատանքին դրական արդիւնքը», ըսած է ան: Ա. Խաչատուրեան տեղեկացուցած է, որ կեդրոնի ֆինանսաւորումը կատարուած է պետական պիւտճէէն, միջազգային հաստատութիւններու, նուիրատուներու յատկացումներէ եւ մասնաւոր հատուածի նուիրատուութիւններէ: Նշենք, որ առաջին անձնական նուիրատուութիւնը կատարած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

Նախորդը

«Եթէ Այս Շաբաթ Ալ Պոլսոյ Նահանգապետարանը Չընդունի Մեր Պատուիրակութիւնը, Պատրիարքի Ընտրութեան Մասին Նամակը Պիտի Յանձնուի Այլ Միջոցով» Կ՛ըսէ Աթեշեան Սրբազանը

Յաջորդը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հանդիպում Ունեցած Է Դիւանագիտական Կազմի Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին
Հայկական

Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին
Հայկական

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?