
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ յունուար 2017-էն դեսպան Ռիչըրտ Հոկլընտ ժամանակաւորապէս պիտի ստանձնէ Միացեալ Նահանգներու համանախագահի պաշտօնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ: Ան պիտի փոխարինէ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքը, որ 31 դեկտեմբերէն սկսեալ այլեւս պիտի չվարէ այդ պաշտօնը:
«Դեսպան Հոկլընտի մեծ եւ երկարամեայ դիւանագիտական փորձառութիւնը էական նշանակութիւն պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման տեւական ու խաղաղ լուծման շուրջ կողմերուն հետ Միացեալ Նահանգներու աշխատանքներուն մէջ: Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն կողմերուն կոչ ուղղել` հետամուտ ըլլալու զինադուլի պահպանման իրենց յանձնառութեան, իրականացնել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները եւ կը յորդորէ վերադառնալ լուծման շուրջ բանակցութիւններուն, որմէ պիտի շահին բոլոր կողմերը:
«Դեսպան Ուորլիքին այս պաշտօնին վրայ հիմնական փոխարինողի մասին պիտի յայտարարուի աւելի ուշ», նշուած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ:
Յայտնենք, որ Հոկլընտ 23 մայիս 2006-ին առաջադրուած էր Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնի թեկնածու` փոխարինելու համար դեսպան Ճոն Էվընզը, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ ճանչցած ըլլալուն համար պաշտօնազրկուած էր: Սակայն անոր թեկնածութիւնը սառեցուած էր ծերակուտականներ Ճօ Պայտընի, Ճոն Քերրիի եւ Պոպ Մենենտեզի կողմէ: 3 օգոստոս 2007-ին Սպիտակ տունը յետս կոչած էր անոր թեկնածութիւնը:


